Հալէպի՝ Տեղեկատուութեան եւ Գիտարուեստի համալսարանին մօտ, հզօր պայթում մը խլեց յիսունէ աւելի զոհեր: Պայթումին հետեւանքով հրկիզուեցան տասնեակաւոր ինքնաշարժներ, քանդուեցան համալսարանի շէնքերէն որոշ հատուածներ: Վիրաւորներուն թիւը կ’անցնի եօթանասունը: Պայթումը կը պատահի համալսարանական քննութիւներու առաջին օրը: Զոհերուն մեծամասնութիւնը ուսանողներ են: