-Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարչելոնա 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռէալ Սոսիէտատէն:
-Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Եուվենթուս 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուտինեզէն:
– Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդւինքով պարտութեան մատնեց Ֆուլամը:
– Մարիօ Պալոթելի պիտի միանայ Ա.Սէ. Միլանին:
– Լիոնէլ Մեսի՝ 152 հազար եուրօ գումար մը կը նուիրէ իր ծննդավայր Ռոզարիօ քաղաքին:
– Պրազիլիացի Նէյմար կը փափաքի միանալ Պայերն Միւնիխին:
– Ռոման Ապրամովիչ կը խոստովանի, թէ 20 միլիոն եուրօ առաջարկած էր Փեփէ Կուարտիոլային՝ Չելսի ակումբին մարզիչը դառնալու հաւանութիւն տալու համար:
– Նափոլիի նախագահը կը մերժէ Էտիսըն Գավանին ակումբէն հեռանալու մասին տեղեկութիւնները:
– Հարաւ Ափրիկէի եւ Գափօ Վերտէի միջեւ Ափրիկեան Երկիրներու Բաժակի բացման մրցումը վերջ գտաւ սպիտակ հաւասարութեամբ՝ 0-0: