Այսօր տեղի ունեցաւ Հանրային Խորհուրդի ենթայանձնաժողովներու նիստը: Նիստը կը վարէր Հանրային Խորհուրդի անդամ Գագիկ Մանասեանը: Օրակարգի վրայ դրուած էր Դիլիջանի Կոմպոզիտորներու ստեղծագործական տունը կոմպոզիտոր Էտուարտ Միրզոյեանի եւ թիւ 44 դպրոցը ի յիշատակ ժողովրդային նկարիչ Հ. Ռուխիկեանի անունով կոչելու եւ մեծ բարերար, հայ նշանաւոր գործարար ու բարեգործ Ալեքսանտըր Մանթաշեանի տուն-թանգարան ունենալու հարցերը:
Հ.Հ. արուեստի վաստակաւոր գործիչ, կոմպոզիտոր Մարտին Վարդազարեան ճիշդ եւ անկեղծ մօտեցում նկատեց Կոմպոզիտորներու ստեղծագործական տունը Էտուարտ Միրզոյեանի անունով կոչելու առաջարկը, ընգծելով, որ Միրզոյեան մեծ ներդրում ունեցած է սոյն կառոյցի հիմնադրութեան եւ զարգացման հետ:
Հանրային Խուրհուրդի անդամները միաձայնութեամբ քուէարկեցին ի նպաստ այս առաջարկին:
Իսկ թիւ 44 դպրոցը ի յիշատակ ժողովրդային նկարիչ Հ. Ռուխիկեանի անունով կոչելու վերաբերեալ Նկարիչներու Միութեան նախագահ Կարեն Աղամեան նշեց, թէ այդ հարցը նախապէս քննարկուած է եւ շատերու կարծիքով, այս պարագային շարք մը նկարիչներ կան որոնց անունով պէտք է կոչուին այլ դպրոցներ: իսկ այս պարագային, կարեւոր է որ անուանակոչուին արուեստի դպրոցներ:
Ծանօթ գործարար եւ բարեգործ Ալեքսանտըր Մանթաշեանցի տուն-թանգարան ունենալու հարցը լուծելու համար, ինչպէս նշեց անոր ծոռուհին՝ Նինա Յովսեփեանցը(Մանթաշեանց), անհրաժեշտ է իրաւական կարգավիճակ եւ տնտեսական օժանդակութիւն, որովհետեւ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններէն մէկը որոշ տարածութիւն տրամադրած է ծրագիրի գործադրութեան նպատակով:
Անի Կարապետեան