Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օդակայանի բացման հարցը պիտի քննարկուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջեւ յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք հանդիպման ընթացքին. այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար:
«Մենք կողմերուն կոչ ըրած էինք, որ չդիմեն այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան խթանել տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին եւ կրնան խանգարել բանակցային գործընթացը: Ես յոյս ունիմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օդակայանի բացման հարցը կը քննարկուի Փարիզի մէջ եւ կը գտնէ իր լուծումը՝ դիւանագիտական ուղիով», աւելցուցած է Մորնինկսթար: