Մարդկային իրաւանց պաշտպան Amnesty International կազմակերպութիւնը դատապարտեց Պաքուի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն ընթացքին դարձեալ կատարուող ձերբակալութիւնները:
Կազմակերպութիւնը կոչ ըրաւ Եւրոխորհուրդին, որ յստակ եւ կտրուկ կերպով հանդէս գայ Ատրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան ի նպաստ:
Կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի տնօրէն Ճան Տալուսեն այս առնչութեամբ յայտարարեց. «Խաղաղ ցուցարարներու ձերբակալութիւններ կատարելը՝ անմիջապէս ԵԽԽՎ-ի կողմէ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալութիւններու մասին բանաձեւի մերժումէն ետք, ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն լուրջ է դրութիւնը այդ երկիրին մէջ»: