Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին, որուն ընթացքին ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ ներկայացուց այդ ենթայանձնախումբին աշխատանքներուն տեղեկագիրը:
Նիստէն բացակայեցան Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանները, իսկ այլ պլոքներու երեսփոխաններուն կողքին, կառավարութիւնը ներկայացուցին միայն երկու նախարարներ` ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի:
Նիստին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ընտրական որեւէ օրէնքի պարագային անհրաժեշտ է պահպանել ազգային միասնականութիւնը, արդարութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Նիստէն ետք երեսփոխան Ղանեմ յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերուն որոշումով` ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքները 15 օրով երկարաձգուեցան:
Ղանեմ յայտնեց նաեւ, որ Պըրրի արդէն իսկ որոշած է միացեալ յանձնախումբերը բաց եւ իրերայաջորդ նիստերու (կէսօրէ առաջ եւ կէսօրէ ետք) հրաւիրել` յառաջիկայ 18 փետրուարէն սկսեալ:
Նիստէն ետք Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքը երկարաձգելու նպատակն է առիթ տալ, որպէսզի բոլորը գոհացնող ընտրական օրէնք մը մշակուի:
Աուն նշեց, որ Լիբանանեան Ուժերուն եւ իրենց միջեւ գործակցութեան նպատակն է յանգիլ ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին մշակել ընտրական օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կողքին, քաղաքական բոլոր ուժերուն քաղաքական հաւասարակշռութիւն կ՛ապահովէ:
Նշենք, որ Ատուան ներկայացուցած էր այս առաջարկը, պայմանաւ որ ենթայանձնախումբը քննարկէ միայն խառն ընտրական օրինագիծը, որ կը պարփակէ համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւնները:
խորհրդարանի նախագահը նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գլխաւորելով լիբանանեան պատուիրակութիւնը, ուղղուեցաւ Քուէյթ` մասնակցելու համար սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող երկիրներուն նուիրատուութիւններ յատկացնելու նպատակով ՄԱԿ-ի կազմակերպած համաշխարհային խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 59 երկիրներ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մեկնեցաւ Թուրքիա՝ լիբանանցի առեւանգեալներու ազատ արձակման կարելիութիւնները քննարկելու նպատակով:
Փարիզի մէջ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ճեմայէլը: