Վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան իր հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին շատ յաճախ կը սիրէ կրկնել 13-րդ դարու թուրք բանաստեղծ Եունուս Էմրէի մէկ արտայայտութիւնը.« Կը սիրեմ Արարչութիւնը, Արարչագործին պատճառով»: Էմրէի այս նշանաւոր արտայայտութիւնը ուղղուած է Աստուծոյ: Ան կը խտացնէ Աստուծոյ հանդէպ բանաստեղծին սէրը: Թուրքիոյ վարչապետը մեծամտաբար Էմրէի ասոյթը կը մէջբերէ, հանրային կարծիքին համոզելու, թէ որքա՜ն հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերէ անոր գլխաւորած կառավարութիւնը, երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն հանդէպ:
Էրտողան միաժամանակ կը փորձէ համոզել, թէ հանդուրժողութիւնը իմաստասիրական խորք ունի իսլամներու մօտ եւ ինք ժառանգորդն է այդ վարդապետութեան:
Իսլամական հանդուրժողութեան մասին վարչապետին հիւսած առասպելները կը թուի, թէ մեծ ազդեցութիւն չեն գործեր թուրք ժողովուրդի որոշ խաւերու վրայ: Նոյնիսկ երկրին ամենաքաղաքակիրթ կեդրոնը նկատուող բազմազգ քաղաք Իսթանպուլի մէջ: 2013 թուականի առաջին ամիսներուն, Իսթանպուլի Սամաթիա արուարձանը դարձաւ տարեց հայ կանանց դէմ յարձակումի թատերաբեմ: Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակէն ընդամէնը երկու տարի առաջ, յարձակումներ տեղի կ’ունենան անպաշտպան հայ բնակիչներու դէմ, վերարթնցնելով թուրք ազգայնամոլութեան ձեռամբ փոքրամասնութիւններուն ապրած զարհուրելի յուշերը:
Սամաթիոյ հայերուն դէմ յարձակումները սկսան անցնող տարուան Դեկտեմբերին, երբ խորհրդաւոր պայմաններու տակ, 87-ամեայ հայ կին մը բրածեծի ենթարկուեցաւ սեփական բնակարանին մէջ, կորսնցնելով իր տեսողութիւնը: 28 Դեկտեմբերին, Մարիցա Քուչուք անունով 84-ամեայ հայ կին մը դաշունահարուեցաւ:
Յարձակումները առ այսօր կը կատարուին խորհրդաւոր պայմաններու տակ եւ տարեց, մենակեաց, նիւթապէս համեստ կանանց դէմ: Սակայն ինչո՞ւ միայն Սամաթիոյ մէջ:
Բոլորին ծանօթ է, որ Իսթանպուլի տարբեր արուարձաններուն մէջ հայութիւնը կը ներկայացնէ պատկառելի թիւ, յատկապէս՝ Աթաթիւրքի անուան օդակայանին մօտակայ Պաքիրքէոյ , Եշիլքէոյ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պանկալթիի եւ Քուրթուլուշի շրջանները՝ Իսթանպուլի եւրոպական հատուածին մէջ: Սամաթիա իր իւրայատկութիւններով յայտնապէս կը տարբերի հայաշատ մնացեալ շրջաններէն:
Մինչեւ Իսթանպուլի բռնագրաւումը՝ 1453, Արեւելեան Հռոմէական Կայսրութեան մայրաքաղաքը կը կոչուէր Կոստանդնուլպոլիս: Այդ ժամանակաշրջանին հայերը ներկայութիւն չէին կազմեր Կոստանդլուպոլսոյ մէջ: 1461-ին, Մեհմէտ Նուաճող սուլթանը Անատոլիայէն հայեր տեղափոխեց Իսթանպուլ, մեծամասնութեամբ՝ Մարմարայի ծովեզերքը գտնուող Պուրսայի եւ Սամաթիոյ շրջանները: Այս երկու քաղաքներուն մէջ սկսած է բոյն դնել ու կազմաւորուիլ հայ համայնքը: Հայ համայնքի առաջնորդարանը կառուցուած է այս երկու շրջաններուն մօտակայ տարածութեան մը մէջ, անոնց տալով որոշակի կշիռ եւ հեղինակութիւն:
Սամաթիա կը խորհրդանշէ Իսթանպուլի մէջ ձեւաւորուած հայ համայնքին նախապարիսպը: Համայնք, որուն երկու միլիոն բնակչութիւնը 20-րդ դարու սկիզբը Մեծ Եղեռնին հետեւանքով այսօր հազիւ կը հաշուէ 60 հազար: Թրքահայութեան մեծամասնութիւնը այսօր մկ’ապրի Իսթանպուլի արուարձաններուն մէջ: Սամաթիա նաեւ ծանօթ է իբրեւ նիւթապէս ամենահամեստ հայերու շրջանը, ուր յատկապէս կ’ապրին տարեցներ: Մեկնելով իրենց անձուկ պայմաններէն, տարեց կիները զիրար կապող միակ յայտարարը եկեղեցի յաճախելու անոնց աւանդութիւնն է: Յարձակումներուն մեծամասնութիւնը պատահած են , զոհերուն եկեղեցիէն տուն վերադառնալու միջոցին:
Այս իրողութիւնները կու գան ապացուցելու, որ յանցագործները մօտէն կը հետեւէին զոհերուն քայափոխերուն: Առաւել եւս, երեք դիմակաւոր անձերու կողմէ 6 Յունուարին հայ կնոջ մը դէմ կատարուած յարձակումը ապացուցեց, թէ գործողութիւնները կը կրէին ընդյատակեայ կազմակերպութեան մը ստորագրութիւնը: Անոնք հիմնապէս ջրեցին Սամաթիոյ յարձակումները մասնակի դէպքեր ըլլալու վարկածը:
Թրքական իշխանութիւնը նմանօրինակ կեցուածքներ արտայայտեց, Հրանդ Տինքի եղերական սպանութեան օրերուն: Տինքի արիւնը տակաւին թաց՝ Իսթանպուլի ոստիկանութեան նախագահը յայտարարեց, թէ ոճիրը մասնակի դէպքի մը հետեւանք էր…: Այսօր՝ Թուրքիոյ ամենայարգուած մտածողներէն մէկուն սպանութիւնը վերածուած է երկրին մէջ յանուն ժողովրդավարութեան պայքարի խորհրդանիշ: Տասնեակ հազարաւորներ իւրաքանչիւր տարուան 19 Յունուարին, «Ակօս» օրաթերթի խմբագրատան առջեւ կը վերահաստատեն Տինքի սկզբունքները շարունակելու իրենց ուխտը, ինչպէս նաեւ բացայայտելու անոր սպանութեան ետին կեցող յանցագործները:
Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, Տինքի «Ակօս»ն էր, որ առաջին անգամ հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցող յարձակումները: 83-ամեայ Սուլթան Այքարի վրայ կատարուած յարձակումէն ետք, թրքական «Ռատիքալ» եւ «Թարաֆ» օրաթերթերը իրենց 22 Յունուարի համարներով լուսարձակի տակ սկսան առնել Սամաթիոյ միջադէպերը: Իսկ «Միլլիյէթ»ը Սամաթիոյ հայերուն հետ ամենօրեայ դրութեամբ հարցազրոյցներ սկսաւ լոյս ընծայել իր էջերուն մէջ: Հեռատեսիլի տեսախցիկները յատուկ տեղեկութիւններ սկսան ափռել Սամաթիոյ հայութեան մասին:
Թրքական մամուլը մէկ կողմէ հանրութիւնը կը զգուշացնէ ազգայնամոլութեան զարթօնքէն, միւս կողմէ կը փորձէ համոզել, թէ Թուրքիա փոխած է իր դիմագիծը… այսօրուան Թուրքիան անցեալի Թուրքիան չէ, այլեւս: Ի պաշտպանութիւն Սամաթիոյ հայերուն, բողոքի հաւաքներ եւ ցոյցեր տեղի կ’ունենան Իսթանպուլի մէջ: Ուշագրաւ կարգախօսներ կը բարձրանան՝ «Ձեռքերը վեր, մեր հայ դրացիներէն», «Պիտի չարտօնենք մեր եղբայրներուն դպչիլ», «Բոլորս հայ ժողովուրդին հետ» , բայց ամենայատկանշականը անկասկած արմատականութիւնը դատապարտող ՝ «Ոչ ցեղապաշտութեան, Ոչ ազգայնամոլութեան» պաստառները:
Ժողովրդային այս պոռթկումնները կու գան համոզելու, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը անկիւնադարձային ազդեցութիւն գործած է թուրք ժողովուրդին ենթագիտակցութեան վրայ: Անոր սպանութեան դատապարտումը՝ ազգայնամոլութեան սպառնալիքին դէմ թուրք հասարակութեան բողոքն է յայտնապէս: «Բոլորս հայ ենք», «Բոլորս Հրանդ» կարգախօսները այսօր անգամ մը եւս կը տեսնենք Սամաթիոյ մէջ:
Սամաթիոյ հայ բնակիչներուն վրայ յարձակումները կ’ապացուցեն, որ ազգայնամոլութեան գաղափարախօսութիւնը տակաւին ողջ է Թուրքիոյ մէջ: Սակայն բարեբախտութիւն է տեսնել, որ ժողովուրդի հոծ զանգուածներ կ’ընդդիմանան անոր դէմ: Սա կը նշանակէ, թէ Հրանդ Տինքի գաղափարները ծիլեր սկսած են արձակել թուրք հասարակութեան մէջ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ