Հայաստանի նախագահական թեկնածու Ռաֆֆի Յովհաննէսեան հանդիպում մըունեցաւ Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած օտար դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հայաստանեան առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ: Ռաֆֆի Յովհաննէսեան անդրադարձաւ նախընտրական հանգրուանի առանձնայատկութիւններուն առնչուող իր մօտեցումներուն եւ քարոզարշաւի ընթացքին: Կողմերը ընդգծեցին Հայաստանի մէջ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կայացնելու կարեւորութիւնը: Դիւանագէտներուն խնդրանքով Յովհաննէսեան ներկայացուց նաեւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումները:
Նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ Յովհաննէսեան այցելեց Աշտարակ եւ շրջակայ գիւղեր: «Մենք թեւակոխել ենք քարոզարշաւի երկրորդ փուլ, եւ իմ հանդիպումներից, Երեւանում ու մարզերում իմ շփումներից պարզ երեւում է, որ մարդկանց տրամադրութիւնները փոխւում են: Մեր ժողովուրդը դուրս է գալիս թմբիրից եւ օրըստօրէ աւելի պատրաստակամ է պատասխանատուութիւն վերցնելու, 20 տարուայ ընթացքում առաջին անգամ ընտրութիւնների միջոցով իրավիճակը երկրում փոխելու առումով», աշտարակցիներուն յայտնեց Ռաֆֆի Յովհաննէսեան: