Հայ ժողովուրդը կարծես թէ զգալի յառաջընթաց կ’ապրի։ Բազում համագործակցութիւններու, դիւանագիտական յարաբերութիւններու կողքին իր տեղը կը գրաւէ նաեւ առեւտուրը՝` կանանց գլխաւորութեամբ եւ ան ալ Միացեալ Արաբական էմիրութիւններու մէջ ։
Գործարար կանանց հիմնադրամը Հայաստանի մէջ ստեղծուած է 2005 թուականին, կազմակերպուած են տարբեր միջոցառումներ` Վրաստանի, Իրանի մէջ: Արաբական երկրիրներու հետ աշխատանքը սկսած է 2009 թուականին։ Գործարար կանանց կազմակերպութիւնը բաղկացած է 44 գործարարներէ: Անոնք կը ներկայացնեն տարբեր ոլորտներ` շինարարութիւն, բժշկութիւն, կրթութիւն, զբօսաշրջութիւն եւ այլն։
Ստրորագրուած է ութ կետերէ բաղկացած համաձայնագիր, ըստ որուն Մարտ ամիսէն սկսեալ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ տեղի պիտի ունենան երկկողմ այցելութիւններ, ցուցահանդէսներ: Այս մասին այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշեցին Գործարար կանանց հիմնադրամի նախագահ, ՀՀ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահի խորհրդական (գործարար զբօսաշրջութեան գծով) Լիլիա Գէորգեանը, «Միկա ցեմենտ»-ի գլխաւոր տնօրէն Նայիրա Մարտիրոսեանը եւ «Լիդա» հաստատութեան հիմնադիր, գլխաւոր տնօրէն Լիդա Սարգսեանը:
Խօսք առնողներուն հաւաստմամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ի տարբերութիւն Հայաստանի` վիճակն այլ է. նորմալ է տուրքային դաշտը, կանայք կը զբաղին ոչ թէ փոքր, միջին, այլ՝ մեծ առեւտուրով։
Բացի այս խնդիրներէն հայ գործարար կանանց կը յուզէ առեւտուրի ոլորտին մէջ հայ կանանց գիտելիքներու առկայութիւնը, որուն համար անհրաժեշտ է համապատասխան կրթութիւն։
Եւ, քանի որ Հայաստանը փոքր երկիր է, հետևաբար, շարք մը իրողութիւններէ մեկնելով, մեծ առեւտուրի յոյս չենք կրնար ունենալ, ցանկանանք, որ գոնէ միջին առեւտուրով կանայք գրաւեն հայկական շուկան` ինչպէս մնացեալ, այնպէս էլ այս պարագային եւ այս ոլորտին մէջ տարբերելով տղամարդոցմէ, ոչ միայն ազնիւ, այլեւ՝ բարեխիղճ աշխատանքով: