Հայաստանի նախագահութեան թեկնածու, վերջերս մահափորձի ենթարկուած Պարոյր Հայրիկեան ընտրութիւնները երկու շաբաթ ժամկէտով յետաձգելու վերաբերեալ դիմում մը ներկայացուց Սահմանադրական Դատարան:
Հայրիկեան յայտնեց, թէ ինք կեցած է անյաղթահարելի խոչընդոտներու դէմ յանդիման:
Ան նշեց, թէ որքան ալ փորձած է արհամարհել կատարուածը, յաջորդող օրը հիւանդանոցէն դուրս գալով՝ խախտել առողջապահական կանոնները, կը պարզուի, որ բնութիւնը աւելի հզօր է, քան ցանկութիւնը, «ուստի նախագահական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզչութենէն տասը օր կորսնցուցի» եզրակացուց ան:
Պարոյր Հայրիկեան ըսաւ, թէ չէր ցանկանար որեւէ բան գերագնահատել, բայց շատ ակնյայտ էր, որ իր ընտրական խումբին հետեւողական աշխատանքները բաւական լուրջ արդիւնքներ կու տային: «Սկսած էինք զերոյական վիճակէն, ապա մի քանի օրուան ընթացքին հասած էինք 3-4 առ հարիւրի: Մենք ունէինք հիմնաւոր թեկնածու նկատուելու համար բաւական բարձր մակարդակ, այս դէպքը՝ մահափորձը, եթէ մարդիկ կը կարծեն, թէ նպաստեց, պէտք է ըսեմ, որ այնպէս չէ:
Կատարուածը թերեւս իմ մասին խօսակցութիւններուն նպաստեց, բայց իմ, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, վարկանիշին չնպաստեց:».- կարծիք յայտնեց Հայրիկեան՝ աւելցնելով, որ կը մտածէ, թէ ի վիճակի է օրէնքով նախատեսուած կարգով աւելցուած ժամանակի ընթացքին ոչ միայն կորսնցուցածը վերականգնել, այլեւ՝ առջեւ երթալ:
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ 31 Յունուարին՝ Երեւանի ժամով 23.30-ին, Տպագրիչներու փողոցի թիւ 9 շէնքի բակին մէջ յանցագործներ կրակ բացած էին նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի վրայ՝ աջ բազուկին պատճառելով վնասուածք:
Իշխանութիւնները այս առնչութեամբ ձերբակալած են երկու կասկածելիներ:
Լրատուական աղբիւներու համաձայն, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Պարոյր Հայրիկեան այսօր առաւօտեան քննարկած են վերջինիս դէմ կատարուած մահափորձին հանգամանքները: