Սուրիոյ արմատականները պղծեցին Սուրբ Մարոնի եկեղեցին: Հալէպէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող քրիստոնէական պատմական այս տաճարը դարձաւ իսլամ արմատականներու բարբարոսութեան հերթական թիրախը:
Վանք ներխուժող արմատականները պղծեցին եկեղեցւոյ պատերը՝ փշրեցին Սուրբ Մարոնի արձանը եւ կողոպտեցին եկեղեցիին գոյքերը:
Տաճարին վրայ յարձակումը կը կրէ բացայայտ բողոքի բնոյթ, ուղղուած՝ մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալի Դամասկոս կատարած այցելութեան դէմ: Վերջինս, ինչպէս ծանօթ է մասնակցեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եուհաննա Ժ. Եազիճիի գահակալութեան արարողութեան: Ռայիի այցելութիւնը Դամասկոս, վերջին 70 տարիներուն առաջինն էր մարոնի պատրիարքի մը կողմէ: