Երեւանի մէջ հանդիսաւորապէս պիտի նշուի հիթլերեան ֆաշական բանակին դէմ Սթալինկրատի ճակատամարտի յաղթանակին 70-ամեակը: Այս առիթով, Մոսկուայի Տան ցուցասրահին մէջ ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիաչիսլաւ Քովալենքոյի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հովանաւորութեամբ:
Թիւով 150 ընտրանի հրաւիրեալներուն մէջ պիտի ըլլան ոչ միայն Սթալինկրատի ճակատամարտի, այլեւ՝ Հայրենական պատերազմի բոլոր մասնակիցները: Պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք, տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ, ուր պիտի լսուին պատերազմական տարիներու երգեր: Սթալինեան ճակատամարտին մասնակիցներուն համար պատրաստուած են տօնական 10 քիլոկրամնոց սննդեղէնի կապոցներ:
Կ’արժէ յիշեցնել, որ մօտաւորապէս 30 հազար հայ զինուորներ մասնակցած են Սթալինկրատի ճակատամարտին: Անոնցմէ տասը հազարը մնացած է ճակատի վրայ…: Շուրջ հազար հայ բանակայիններ պարգեւատրուած են տարբեր կարգի շքանշաններով: Հայաստանի մէջ այօրուան դրութեամբ ողջ մնացած են Սթալինկրատի ճակատամարտին միայն 58 մասնակիցներ: Անոնցմէ միայն տասն կրնայ ինքնուրոյն շարժիլ: