Միացեալ Նահանգներու մէջ «Նեմօ» անունը կրող փոթորիկին հետեւանքով զոհերուն թիւը բարձրացաւ 15-ի: Աւելի քան 220 հազար բնակարան կը մնայ առանց ելեկտրականութեան: Փոթորիկը ամենածանր հարուածը հասցուցած է Մեսաչուսեց նահանգին: Օդերեւութաբաններու կարծիքով եղանակը աստիճանական բարելաւում պիտի արձանագրէ վաղը՝ Երեքշաբթի:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու հինգ նահանգներու մէջ՝ Նիւ Եորք, Մեսաչուսեց, Քոնեթիքըթ, Մէյն եւ Ռոտ Այլընտ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: