Ատրպէյճանցի զինուորի մը կողմէ կացինով սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի կոտորածներուն 25-րդ տարելիցին առիթով, Երեքշաբթի, Փետրուար 19-ին բողոք-ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, կազմակերպութեամբ՝ Միացեալ Հայ Երիտասարդներ կազմակերպութեան:
Յատկանշական է այն, որ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը կը գտնուի նոյն շէնքին մէջ, ուր հաստատուած է մարդասպան Սաֆարովը Ատրպէյճանին յանձնած Հունգարիոյ հիւպատոսարանը: