Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդը (CCAF) խստօրէն դատապարտեց արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, ուր կը դրուատանքի կ’արժանանային «Թուրքիոյ բռնատիրական վարչակարգէն եկած դրական ազդանշանները»:
Ֆրանսահայ անկախ լրագրող Ժան Էքիյեանի համաձայն՝ ֆրանսահայութիւնը իր ափսոսանքը կը յայտնէ յատկապէս, որովհետեւ Փարիզ որոշած է համաձայն գտնուիլ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ բանակցութիւնները ընդարձակելու հարցին, մինչ Թուրքիոյ մէջ ազատութիւններու լուրջ խախտումները կը շարունակուին:
«Ֆրանսայի կառավարութեան այս ապշեցնող որոշումը կու գայ այն միջոցին, երբ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու վրայ յարձակումները սաստացած են: Հայ կանանց սպանութիւնները, քիւրտերու դէմ բռնութիւնները, Յունուար 9-ին Փարիզի մէջ երեք քիւրտ գործիչներու սպանութիւնը, որուն ետին կանգած են թրքական յատուկ սպասարկութիւնները, քանի մը օրինակներ են այդ բռնարարքներէն», գրուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, թէ Փարիզի այս կեցուածքը կը հակասէ Ֆրանսայի նախագահի դիրքորոշման: