Միջազգային լրատուական միջոցները անդրադարձած են Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն: Անոնց մեծ մասը հաւանական կը գտնէ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի յաղթանակը նախագահական ընտրութիւններուն: Պի.Պի.Սի-ի կարծիքով, Սերժ Սարգսեան պիտի յաղթէ ձայներոււ 60 առ հարիիւր համեմատութեամբ: Պի.Պի.Սի-ն Սարգսեանի հիմնական մրցակիցը կը նկատէ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան պետ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը:
«Ամերիկայի Ձայն» ռատիօկայանը անդրադառնալով նախագահական ընտրութիւններուն հաղորդեց, թէ Սերժ Սարգսեանը յաղթելու պարագային, Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Կովկասի այս փոքր ժողովուրդին վրայ:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւը ուղեկցած է թեկնածուներէն մէկուն՝ Անդրիաս Ղուկասեանի հացադուլով: «Ռոյթըրզ» կ’ընգծէ, թէ նախագահական ընտրութիւններու գլխաւոր նիւթը եղած է Հայաստանի տնտեսութիւնը: Ան կը յիշեցնէ, թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը կաթուածահար դարձած է 1990-ականներէն ետք:
Գերմանական «Տէոչէ Ուելլէ» օրաթերթը կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին Սերժ Սարգսեան պիտի ապահովէ քուէներու 68 առ հարիւրը:
«Ալ Ժազիրա»յի կարծիքով, Սերժ Սարգսեան կը մնայ ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս գալու գլխաւոր թեկնածուն: