«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը այս պահուն կը գտնուի նախագահական պալատին մէջ եւ կը բանակցի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ռաֆֆի Յովհաննէսեան ցանկութիւն յայտնած է, որ իրեն ընկերակցին լրագրողներ, սակայն նախագահի աշխատակազմը մերժած է անոր առաջարկը:
Խումբ մը քաղաքացիներ հաւաք կազմակերպած են նախագահական պալատին դիմաց : Ոստիկանութիւնը կը հետեւի հասարակական կարգ ու կանոնին: Հաւաքին կը մասնակցին նաեւ «Ժառանագութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ: