Նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա Ուրբաթ ուշ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցան եւ համաձայնեցան քաղաքական լուծում մը գտնել Սուրիոյ հակամարտութեան: Միւս կողմէ, Ռուսիա դատապարտեց Հռոմի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ բարեկամներ»ու ժողովին կողմէ ընդդիմութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումները՝ ըսելով, թէ նման քայլեր պիտի քաջալերեն ծայրայեղականները ու պիտի կրկնապատկեն արիւնահեղութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի Հռոմի մէջ թելադրեց քաղաքական լուծում մը որդեգրել՝ փորձելով համոզել Սուրիոյ ընդդիմութեան ղեկավարներէն Մոազ Խաթիպը: 17 պետութիւններու ներկայացուցիչներու եւ սուրիացի ընդդիմադիրներու կողմէ ուղարկուած պատուիրակներու ներկայութեան գումարուած ժողովին ընթացքին տիրական էր Սուրիոյ տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու ելքի գրաւականը:
Հռոմի համաժողովի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ, Խաթիպ յայտնեց, որ ժողովականները համաձայն գտնուած են ամէն ձեւով դէմ կենալու Սուրիոյ բաժանումին ու պահանջելու նախագահ Պաշշար Ասատէն, որ հեռանայ եւ ջլատուի վարչակարգի ապահովական կառոյցը:
Քերի վերահաստատեց իր երկիրին զօրակցութիւնը սուրիական ընդդիմութեան՝ նշելով, որ 60 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի՝ ընդդիմադիրներուն ուտեստեղէնի եւ դեղորայքի կարիքները գոհացնելու համար: Ան պնդեց, թէ Միացեալ Նահանգներ զէնք պիտի չհայթայթէ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն:
Սուրիացի ընդդիմադիրներու Պոլսոյ մէջ կայանալիք Շաբաթ օրուան խորհրդաժողովը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով: