Թրքական « Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, նախագահ Պաշշար Ասատ մէկ քանի պայման կ’առաջադրէ, որոնց իրականացման պարագային, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ հեռանալու իշխանութենէն: Ասատ կը յայտնէ, թէ նախագահի պաշտօնը կը լքէ, երբ լիակատար վստահութիւնը ունենայ, որ իր հեռանալը վերջ պիտի դնէ առճակատումին: Ասատ կը հաւաստէ, թէ նախագահ ընտրուած է ժողովոուրդին ծառայելու նպատակով: Ան կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգները իբրեւ թշնամի երկիր կը ճանչնայ Սուրիան, հետեւաբար ուշադրութիւն պիտի չդարձնէ հրաժարական տալու Ուաշինկթընի պահանջներուն: « Եթէ իմ հեռանալը իմ երկրի փրկութիւն նշանակեր, ես նոյնիսկ մէկ վայրկեան, մէկ օր չէի մնար իշխանութեան մէջ» կ’ըսէ Պաշշար Ասատ, պատասխանելով իր հեռանալու պայմաններուն կապուած հարցումին: Ասատ կ’ընդգէ, թէ սուրիացի ժողովուրդը պիտի կայացնէ իր հրաժարականին մասին որոշումը: