Քաղաքական, ընտրական եւ ապահովական օրակարգերը կը շարունակեն գրաւել լիբանանեան բեմին լուսարձակները: Պաապտայի պալատ այցելող անձնաւորութիւններ կը հաւաստեն, թէ հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման վճռած սահմանադրականօրէն նշուած ժամանակամիջոցին կայացնել խորհրդարանական ընտրութիւնները: Նախագահ Սըլէյման համոզուած է, որ խորհրդարանը պիտի յաջողի համաձայնութիւն գոյացնել համախոհական օրիանգիծի մը շուրջ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խիստ ոճով նամակ մը յղեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրին՝ Արաբական Լիկայի խորհրդաժողովին ընթացքին արտայայտած կեցուածքին առիթով: Մանսուր հերքեց նմանօրինակ նամակ մը ստանալու մասին տեղեկութիւնները: Սակայն աւելի ուշ, վարչապետին մօտիկ շրջանակներ հաստատեցին, թէ նամակը պաշտօնապէս փոխանցուած էր Մանսուրին, իսկ վերջինս ժխտելու պարագային, նամակին բովանդակութիւնը լոյս պիտի ընծայուի մամուլով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանը եւ անոր հետ քննարկեց ընտրական նոր օրինագիծի թղթածրարը: Պըրրի նաեւ ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան օգնական Հելկա Շմիթը՝ Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխոհրսթի ընկերակցութեամբ: Խորհրդարանի նախարարը նաեւ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ճըրէյսաթին եւ անոր հետ քննարկեց ուոսուցիչներոււ սենտիքային պահանջները:
Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա, Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելին եւ անոր հետ քննարկեց երկրին իրավիճակը: