«Հայկական Կինոյի Զարթօնք» կինոկեդրոն խորհուրդը «Ազգային Կինօ» մրցանակ շնորհած է «Չբացայայտուած Օձուն» ֆիլմաշարին` հայկական ճարտարապետութեան մեծ գլուխ գործոցը` Օձունի Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, բացայայտելու, հանրամատչելի ներկայացնելու, քրիստոնէական արժէքն ու ոգին հաշուած վայրկեաններու ընթացքին հիանալիօրէն փոխանցելու համար:
Ֆիլմը նկարահանուած է 2012 թուականին` «Յովհաննէս Իմաստասէր Կաթողիկոս Օձնեցի» բարեգործական հիմնադրամի պատուէրով: Հիմնադրամը, եկեղեցւոյ վերականգնման հետ մէկտեղ, կը կարեւորէ նաեւ այդ բացառիկ սրբավայրի վերաբերեալ հասարակութեան իրազեկութեան բարձրացումը:
Խորհրդային ժամանակաշրջանին Օձունի Սբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին նկատուած է վթարային կառոյց: 1980-ականներուն սկսած են անոր հիմնանորոգման աշխատանքները: ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք աշխատանքները դադրած են: 2011-ին սկսած է «Յովհաննէս Իմաստասէր Կաթողիկոս Օձնեցի» բարեգործական հիմնադրամի կողմէ իրականացուող «Օձունի վերածնունդ» ծրագիրը: «Օձունի Վերածնունդ» ծրագիրը փլուզման վտանգէն զերծ կը պահէ աւելի քան 1500 տարի կանգուն մնացած, Հայաստանի ճարտարապետական կոթողներէն մէկը` 5-րդ դարուն կառուցուած Օձունի Սբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին:
|