Աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ կը նախապատրաստուի հեռատեսիլային հաղորդաշար մը նկարահանել Ֆրանսայի կայսր Նափոլիոն Պոնափարթի վերաբերեալ: Ժապաւէնին նիւթը արդէն իսկ պատրաստ է: Ան մշակած է հանրածանօթ բեմադրիչ Սթենլի Քըպրիքը՝ 1961-ին: Քըպրիքի մահէն ետք Սփիլպըրկ դիմած է անոր ընտանիքին: Քըրպիք անցնող դարու 70-ականներուն կը ծրագրէր մեծ պաստառի վրայ բարձրացնել Նափոլիոնի մասին գրած ժապաւէնը, սակայն տնտեսական պատճառներով հրաժարեցաւ: