Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

2014-Ը ՝ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ ՄԸ

February 3, 2014
in Յօդուածներ
0

 Քուէարկութիւնը   ժողովորդավարական այն  գործընթացն է, ուր ոեւէ  անհատ, կազմակերպութեան կամ՝  կուսակցութեան անդամ,  ազատ եւ  թափանցիկ պայմաններու տակ, կ’արտայայտէ  իր ընտրանքը: Անցնող՝ 2013-ին, նախագահ Հասան Ռոհանիի  ընտրութիւնը,  Իրանի եւ  Արեւմուտքի միջեւ  երկխօսութեան  խորհրդանիշ  առանձնանացաւ, համաշխարհային բեմի վրայ:  Բնականաբար, տարբեր երկիրներու մէջ,  զանազան մակարդակներու  վրայ,  բազմաթիւ  ընտրութիւններ տեղի ունեցան անցնող տասներկու ամիստներուն:Սակայն  մեծամասութեամբ, յատկանշական  որեւէ ներազդեցութիւն չունեցան, որքան Հասան Ռոհանիի  ընտրութիւնը:

 2014-ը  պիտի ըլլայ  յատկանշական ընտրութիւններով հարուստ  թուական  մը: Ոմանք, շատ հաւանաբար   իրենց  ազդու  հետեւանքը  ունենան շրջանային եւ  համաշխարհային զարգացումներուն վրայ:  Ստորեւ, ամփոփ  տեղեկութիւններ, յառաջիկայ  ամիսներուն նախատեսուող  կարգ մը ընտրութիւններու մասին, որոնք  նոյնքան անկիւնադարձային  հետք կրնան  ձգել  միջազգային փոխյարաբերութիւններու վրայ.

Ապրիլ ամսուան առաջին օրերուն, 5  Ապրիլ, Աֆղանիստան պիտի ընտրէ երկրի  նոր նախագահը:  Այժմէն  իսկ ծանօթ է, որ   զեղծարարութիւններ,  ընտրակաշառք եւ ապահովական մագլցումներ  իրենց կնիքը պիտի  ունենան  ընտրութիւններուն արդիւնքին վրայ:  Սահմանադրութիւնը  չարտօներ    գործող  նախագահ Համիտ Քարզայի  երրորդ  շրջանի մը համար  ընտրութիւնը: Ո՞վ պիտի  ըլլայ  անոր  յաջորդը, ցարդ կը մնայ անորոշ:  Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը մինչեւ օրս    մերժած է առաջադրուած  27 թեկնածուներէն  16-ին դիմումը:  Գլխաւոր  յաւակնորդներու մէջ  է նաեւ Քարզայի  երէց եղբայրը՝  Քայամը: Թեկնածուները անխտիր՝  կը պահաջեն ամերիկեան զօրքերու անյապաղ  հեռացումը  Աֆղանիստանէն:  Միջազգային  զօրքեր աստիճանաբար կը լքեն Աֆղանիստանը, Երկիրը   քայլ առ քայլ կ’անցնի Թալիպանի  հակազդեցութեան տակ: Ընթերցողը   անկասկած  պիտի հարցնէ .« Միացեալ Նահանգներ, անցնող տասնմէկ  տարիներուն, ին՞չ   նուաճումներ   իրագործեց  Աֆղանիստանի մէջ»:

Ապրիլի ընթացքին, Իրաքի  ժողովուրդը   պիտի  ընտրէ  երկրին   նոր խորհրդարանը: Միջհամայնքային  եւ քաղաքական խոր բաժանումներով  յատկանշուող  իրաքեան նորաստեղծ  ժողովրդավարութիւնը դժուար  թէ դառնայ    շրջանային ոեւէ ժողովուրդի  նախատիպը: Գործող  վարչապետ Նուրի  Մելիքի  պիտի աշխատի երրորդ   շրջանի մը համար ստանձնել երկրին  ղեկը:   Մելիքի չի  վայելեր  շիի  համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը, սակայն  տարօրինակօրէն, անոր ոխերիմ հակառակորդներն անգամ համոզուած են, թէ ան կը մնայ  ծայրայեղականներու դէմ երկրին կայունութիւնը  երաշխաւորող   միակ  հեղինակութիւնը:  Հիւսիսի մէջ ձեւաւորուող  քրտական  պետութեան իրողութեան տակ, նորընտիր խորհրդարանը ինչպիս՞ի կեցուածք պիտի  որդեգրէ  ծայրայեղականներու  եւ  շրջանային պետութիւններու  նկատմամբ:

Մայիս ամսուան  ընթացքին, ութ հարիւր  հազար  քուէատուփերու միջոցաւ,  Հնդկաստանի  աւելի քան  եօթ  հարիւր  միլիոն քաղաքացիներ , 1.3  միլիոն   քուէախոյզ  սարքերու եւ   1300 կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ պիտի  ընտրեն   երկրին  նոր խորհդարանը:  Քաղաքական  մեկնաբաններու կարծիքով  ընտրութիւնները վերջ պիտի դնեն  Գոնկրէս Կուսակցութեան տասնամեայ  իշխանութեան:  Տնտեսական դանդաղ աճը եւ  փտածութիւնը կը մնան  Հնդկաստանի  մեծագոյն  մարտահրաւէրները: Հնդկաստանի  քաղաքական դրուածքը այնպիսին է, որ  1989-էն ի վեր, ոչ  մէկ կուսակցութիւն յաջողած է մեծամասնութիւն գոյացնել խորհրդարանին մէջ: Հետեւաբար, երկիրը  ի վիճակի պիտի  չըլլայ  ձերբազատելու   զինք հիւծող   տնտեսական եւ ընկերային տագնապներէն:

Այս տարուան  Մայիսին,  Հարաւ Ափրիկէի  ժողովուրդը  պիտի ոգեկոչէ   խտրականութեան վարչակարգին  տապալման   քսանամեակը:  Երկիրը, ականատեսը պիտի  դառնայ  խորհրդարանի   հինգերորդ ընտրութիւններուն:   Կարճ  ժամանակ ետք,նորընտիր  խորհրդարանը   պիտի ընտրէ երկրին նոր նախագահը: Կասկածէ  վեր է, որ  1994-էն  ի վեր  երկրի իշխանութեան հասած  Ափրիկէի Ազգային   Գոնկրէսը, պիտի  մնայ   գերակշռող մեծամասնութիւն:  Տնտեսական,  գործազրկութեան եւ  փտածութեան  մարտահրաւէներ   դիմագրաւող  Ափրիկէի Ազգային Գոնկրէսը  հաւանաբար մեծ թիւով  աթոռներ կորսնցնէ  նորընտիր խորհրդարանին մէջ:  Ցեղային խտրականութեան  ժամանակաշրջանէն  ետք լոյս աշխարհ եկած երիտասարդութիւնը նուազ հակուած է Ափրիկէի Ազգային Գոնկրէսին:

Մայիս ամսուան  վերջին շաբաթը ( 22 -25 Մայիս),  Եւրոպական Միութիւնը պիտի ընտրէ  իր  նոր խորհրդարանը:  Եւրոպական   երկիրներու մեծամասնութիւնը կը դիմագրաւէ միեւնոյն   տագնապը՝  գործազրկութիւն, տնտեսական անհամեմատ դանդաղ  աճ, փտածութիւն, նոր  շուկաներո փնտռտուք, Երրորդ Աշխարհի երկիրներէն  ներգաղթ, եկամուտի աղբիւրներու  կրճատում:  Տիրող իրավիճակին հետեւանքով,  ազգային խորքով  կուսակցութիւններ, ոչ միայն  աւելի  մեծ թիւով   ներկայացուցիչներ  պիտի ունենան  նորընտիր խորհրդարանին մէջ, այլեւ՝աւելի  լսելի պիտի  դարձնեն  իրենց ձայնը:

Գոլմպիացիները շատ հաւանաբար,  25 Մայիսին, Խուան Մանուէլ Սանթոսը   վերընտրեն  երկրի նախագահ: Սակայն՛  նախագահ Սանթոսի եւ  անոր նախորդին եւ երէկի  գլխաւոր  դաշնակիցին Ալավարօ  Վելէզի  միջեւ  մագլցող լարուածութիւնը կը սպառնայ լատին Ամերիկայի աշխարհաքաղաքական  կայունութեան:  Նախագահ Սանթոս երկխօսութեան  ձեռք մեկնած է  ընդդիմութեան:  Արմատական  դիրքերու վրայ գտնուող  Վելէզ, մերժելով Սանթոսի  քայլը, հիմնած է   նոր կուսակցութիւն   եւ սեփական  թեկնածուն՝  Օսքար Իվան Զուլուական առաջադրած է  նախագահութեան պաշտօնին:    Վելէզի այս քայլը առնուազն պիտի  կանխէ Սանթոսի  լայնածիր յաղթանակը:

Թուրքիա, առաջին անգամ ըլլալով,  ժողովրդային հանրաքուէյով պիտի ընտրէ  երկրին   նոր նախագահը:   Նախագահութեան հասնելու վարչապետ  Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի  յոյսերը կախեալ են  Մարտի մէջ, տեղական եւ  նահանգային  ընտրութիւններուն,   Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում  Կուսակցութեան արձանագրելիք արդիւնքէն:   Փտածութեան    ապացոյցներու  տակ  կոտտացող, ազատութիւնները  խստօրէն սանձաձահարող  Էրտողան,  կուրամիտ   ըլլալու է    թեկնածութիւնը յայտարարելու՝ Օգոստոսին կայանալիք  ընտրութիւններուն: Բայց աւելի մտահոգիչը՝  աշխարհիկ ընդդիմութիւնը  պիտի  ունենայ   սեփական թեկնածուն:

Ամերիկացիները, 4  Նոյեմբերին  պիտի  ընտրեն Ներկայացուցիչներու  Տան  նոր անդամները, որ  իր վճռական խօսքը պիտի  ունենայ  2016-ի նախագահական  ընտրութիւններուն:  Դեմոկրատ  եւ Հանրապետական  Կուսակցութիւններուն   հիմնական բանավէճը  պիտի  կեդրոնանայ  արտաքին քաղաքականութեան,   թուլացող տնտեսութեան  եւ   ընկերային բարեկարգութիւններուն վրայ:Հանրապետականներուն  յաղթանակը անկասկած   իր  վճռական   ներազդեցութիւնը  պիտի  ունենայ  Ուաշինկթընի արտաքին  քաղաքականութեան վրայ:

 Սկովտիացիները, 18 Սեպտեմբերին, հանրաքուէի պիտի դիմեն, վճռելու  Միացեալ Թագաւորութենէն անջատուելու  իրենց պահանջը:

Լիբանանի պարագային՝ խորհրդարանական  եւ  նախագահական ընտրութիւններ: Բայց մենք  ըսելիք  չունինք: Կիրակի առաւօտեան, իր քարոզին մէջ,  մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը լուսաւորութիւն հայցեց Աստուծմէ  ՝ հակամարտող   քաղաքական կողմերու  ղեկավարներուն  համար…:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Previous Post

Սուրիահայութեան Տագնապը Եւ Մենք

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ՝ 4 ՓԵՏՐՈՒԱՐ

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In