Քուէարկութիւնը ժողովորդավարական այն գործընթացն է, ուր ոեւէ անհատ, կազմակերպութեան կամ՝ կուսակցութեան անդամ, ազատ եւ թափանցիկ պայմաններու տակ, կ’արտայայտէ իր ընտրանքը: Անցնող՝ 2013-ին, նախագահ Հասան Ռոհանիի ընտրութիւնը, Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ երկխօսութեան խորհրդանիշ առանձնանացաւ, համաշխարհային բեմի վրայ: Բնականաբար, տարբեր երկիրներու մէջ, զանազան մակարդակներու վրայ, բազմաթիւ ընտրութիւններ տեղի ունեցան անցնող տասներկու ամիստներուն:Սակայն մեծամասութեամբ, յատկանշական որեւէ ներազդեցութիւն չունեցան, որքան Հասան Ռոհանիի ընտրութիւնը:
2014-ը պիտի ըլլայ յատկանշական ընտրութիւններով հարուստ թուական մը: Ոմանք, շատ հաւանաբար իրենց ազդու հետեւանքը ունենան շրջանային եւ համաշխարհային զարգացումներուն վրայ: Ստորեւ, ամփոփ տեղեկութիւններ, յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող կարգ մը ընտրութիւններու մասին, որոնք նոյնքան անկիւնադարձային հետք կրնան ձգել միջազգային փոխյարաբերութիւններու վրայ.
Ապրիլ ամսուան առաջին օրերուն, 5 Ապրիլ, Աֆղանիստան պիտի ընտրէ երկրի նոր նախագահը: Այժմէն իսկ ծանօթ է, որ զեղծարարութիւններ, ընտրակաշառք եւ ապահովական մագլցումներ իրենց կնիքը պիտի ունենան ընտրութիւններուն արդիւնքին վրայ: Սահմանադրութիւնը չարտօներ գործող նախագահ Համիտ Քարզայի երրորդ շրջանի մը համար ընտրութիւնը: Ո՞վ պիտի ըլլայ անոր յաջորդը, ցարդ կը մնայ անորոշ: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը մինչեւ օրս մերժած է առաջադրուած 27 թեկնածուներէն 16-ին դիմումը: Գլխաւոր յաւակնորդներու մէջ է նաեւ Քարզայի երէց եղբայրը՝ Քայամը: Թեկնածուները անխտիր՝ կը պահաջեն ամերիկեան զօրքերու անյապաղ հեռացումը Աֆղանիստանէն: Միջազգային զօրքեր աստիճանաբար կը լքեն Աֆղանիստանը, Երկիրը քայլ առ քայլ կ’անցնի Թալիպանի հակազդեցութեան տակ: Ընթերցողը անկասկած պիտի հարցնէ .« Միացեալ Նահանգներ, անցնող տասնմէկ տարիներուն, ին՞չ նուաճումներ իրագործեց Աֆղանիստանի մէջ»:
Ապրիլի ընթացքին, Իրաքի ժողովուրդը պիտի ընտրէ երկրին նոր խորհրդարանը: Միջհամայնքային եւ քաղաքական խոր բաժանումներով յատկանշուող իրաքեան նորաստեղծ ժողովրդավարութիւնը դժուար թէ դառնայ շրջանային ոեւէ ժողովուրդի նախատիպը: Գործող վարչապետ Նուրի Մելիքի պիտի աշխատի երրորդ շրջանի մը համար ստանձնել երկրին ղեկը: Մելիքի չի վայելեր շիի համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը, սակայն տարօրինակօրէն, անոր ոխերիմ հակառակորդներն անգամ համոզուած են, թէ ան կը մնայ ծայրայեղականներու դէմ երկրին կայունութիւնը երաշխաւորող միակ հեղինակութիւնը: Հիւսիսի մէջ ձեւաւորուող քրտական պետութեան իրողութեան տակ, նորընտիր խորհրդարանը ինչպիս՞ի կեցուածք պիտի որդեգրէ ծայրայեղականներու եւ շրջանային պետութիւններու նկատմամբ:
Մայիս ամսուան ընթացքին, ութ հարիւր հազար քուէատուփերու միջոցաւ, Հնդկաստանի աւելի քան եօթ հարիւր միլիոն քաղաքացիներ , 1.3 միլիոն քուէախոյզ սարքերու եւ 1300 կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ պիտի ընտրեն երկրին նոր խորհդարանը: Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով ընտրութիւնները վերջ պիտի դնեն Գոնկրէս Կուսակցութեան տասնամեայ իշխանութեան: Տնտեսական դանդաղ աճը եւ փտածութիւնը կը մնան Հնդկաստանի մեծագոյն մարտահրաւէրները: Հնդկաստանի քաղաքական դրուածքը այնպիսին է, որ 1989-էն ի վեր, ոչ մէկ կուսակցութիւն յաջողած է մեծամասնութիւն գոյացնել խորհրդարանին մէջ: Հետեւաբար, երկիրը ի վիճակի պիտի չըլլայ ձերբազատելու զինք հիւծող տնտեսական եւ ընկերային տագնապներէն:
Այս տարուան Մայիսին, Հարաւ Ափրիկէի ժողովուրդը պիտի ոգեկոչէ խտրականութեան վարչակարգին տապալման քսանամեակը: Երկիրը, ականատեսը պիտի դառնայ խորհրդարանի հինգերորդ ընտրութիւններուն: Կարճ ժամանակ ետք,նորընտիր խորհրդարանը պիտի ընտրէ երկրին նոր նախագահը: Կասկածէ վեր է, որ 1994-էն ի վեր երկրի իշխանութեան հասած Ափրիկէի Ազգային Գոնկրէսը, պիտի մնայ գերակշռող մեծամասնութիւն: Տնտեսական, գործազրկութեան եւ փտածութեան մարտահրաւէներ դիմագրաւող Ափրիկէի Ազգային Գոնկրէսը հաւանաբար մեծ թիւով աթոռներ կորսնցնէ նորընտիր խորհրդարանին մէջ: Ցեղային խտրականութեան ժամանակաշրջանէն ետք լոյս աշխարհ եկած երիտասարդութիւնը նուազ հակուած է Ափրիկէի Ազգային Գոնկրէսին:
Մայիս ամսուան վերջին շաբաթը ( 22 -25 Մայիս), Եւրոպական Միութիւնը պիտի ընտրէ իր նոր խորհրդարանը: Եւրոպական երկիրներու մեծամասնութիւնը կը դիմագրաւէ միեւնոյն տագնապը՝ գործազրկութիւն, տնտեսական անհամեմատ դանդաղ աճ, փտածութիւն, նոր շուկաներո փնտռտուք, Երրորդ Աշխարհի երկիրներէն ներգաղթ, եկամուտի աղբիւրներու կրճատում: Տիրող իրավիճակին հետեւանքով, ազգային խորքով կուսակցութիւններ, ոչ միայն աւելի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ պիտի ունենան նորընտիր խորհրդարանին մէջ, այլեւ՝աւելի լսելի պիտի դարձնեն իրենց ձայնը:
Գոլմպիացիները շատ հաւանաբար, 25 Մայիսին, Խուան Մանուէլ Սանթոսը վերընտրեն երկրի նախագահ: Սակայն՛ նախագահ Սանթոսի եւ անոր նախորդին եւ երէկի գլխաւոր դաշնակիցին Ալավարօ Վելէզի միջեւ մագլցող լարուածութիւնը կը սպառնայ լատին Ամերիկայի աշխարհաքաղաքական կայունութեան: Նախագահ Սանթոս երկխօսութեան ձեռք մեկնած է ընդդիմութեան: Արմատական դիրքերու վրայ գտնուող Վելէզ, մերժելով Սանթոսի քայլը, հիմնած է նոր կուսակցութիւն եւ սեփական թեկնածուն՝ Օսքար Իվան Զուլուական առաջադրած է նախագահութեան պաշտօնին: Վելէզի այս քայլը առնուազն պիտի կանխէ Սանթոսի լայնածիր յաղթանակը:
Թուրքիա, առաջին անգամ ըլլալով, ժողովրդային հանրաքուէյով պիտի ընտրէ երկրին նոր նախագահը: Նախագահութեան հասնելու վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի յոյսերը կախեալ են Մարտի մէջ, տեղական եւ նահանգային ընտրութիւններուն, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան արձանագրելիք արդիւնքէն: Փտածութեան ապացոյցներու տակ կոտտացող, ազատութիւնները խստօրէն սանձաձահարող Էրտողան, կուրամիտ ըլլալու է թեկնածութիւնը յայտարարելու՝ Օգոստոսին կայանալիք ընտրութիւններուն: Բայց աւելի մտահոգիչը՝ աշխարհիկ ընդդիմութիւնը պիտի ունենայ սեփական թեկնածուն:
Ամերիկացիները, 4 Նոյեմբերին պիտի ընտրեն Ներկայացուցիչներու Տան նոր անդամները, որ իր վճռական խօսքը պիտի ունենայ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Դեմոկրատ եւ Հանրապետական Կուսակցութիւններուն հիմնական բանավէճը պիտի կեդրոնանայ արտաքին քաղաքականութեան, թուլացող տնտեսութեան եւ ընկերային բարեկարգութիւններուն վրայ:Հանրապետականներուն յաղթանակը անկասկած իր վճռական ներազդեցութիւնը պիտի ունենայ Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վրայ:
Սկովտիացիները, 18 Սեպտեմբերին, հանրաքուէի պիտի դիմեն, վճռելու Միացեալ Թագաւորութենէն անջատուելու իրենց պահանջը:
Լիբանանի պարագային՝ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ: Բայց մենք ըսելիք չունինք: Կիրակի առաւօտեան, իր քարոզին մէջ, մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը լուսաւորութիւն հայցեց Աստուծմէ ՝ հակամարտող քաղաքական կողմերու ղեկավարներուն համար…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ