– Վարչապետ Թամամ Սալամ կը մտադրէ շրջագայութիւն մը կատարել արաբական ոստաններ՝ արաբներու այցելութիւնը Լիբանան քաջալերելու նպատակով: Սալամ զգուշացուց նախագահական դիրքի վրայ պարապութիւն գոյանալու հետեւանքներէն:
– Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անճելինա Էխորհրսթ նշեց, թէ Եւրոպական ընտանիքին հետ գործընկերութիւնը կ’ենթադրէ միացեալ չափանիշներ եւ ընդհանուր շահ: Ան ընդգծեց, թէ եւրոպական ընտանիքը ցարդ 300 միլիոն եուրօ արժողութեամբ օժանդակութիւն մը կատարած է Լիբանանին՝ Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով ծագած դժուարութիւններէն դուրս գալու նպատակով:
– Մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը մաս պիտի կազմէ Մայիս ամսուան ընթացքին, հովուապետական այցելութեամբ Երուսաղէմ ժամանող Հռոմի Ֆրանսիսկոս Ա Պապի պատուիրակութեան:
– Պէյրութի եւ լեռնալիբանանի ջուրի ընկերութեան պաշտօնեաները 24-ժամեայ գործադուլ մը պիտի կատարեն այսօր:
– ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերէք Փլամլի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սեփական վարժարաններու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտի հետ ,անոր փոխանցելով սենտիքային շարժումներուն հեանդէպ Պան Քի Մունի մտահոգութիւնը: Մահֆուտ յայտարարեց, թէ սենտիքան կը պահանջէ իսկական բարեկարգումներ եւ կը մերժէ դպչիլ ուսուցիչներու իրաւունքներուն: