Երկուշաբթի 5 Մայիս 2014-ի առաւօտուն, Պահրէյնի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆայի կողմէ կազմակերպուած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին: Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր յիշեալ համագումարին որպէս գլխաւոր դասախօս, նիւթ ունենալով “Կրօնը, Մշակոյթը ու քաղաքակրթութիւնը` ի սպաս մարդկութեան“:
Իր դասախօսութեան սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Պահրէյնի թագաւորին այս նախաձեռնութիւնը, կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը նկատելով հրամայական` մարդկութեան ապագային համար:
Ներկայ համաշխարհային կացութեան վրայ արագ ակնարկ մը նետելով, Վեհափառը ըսաւ, թէ մարդկութիւնը կ՛ընթանայ դէպի հակամարտութիւն, մարդկային իրաւանց բռնաբարում եւ բեւեռացում: Եւ աւելին` բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ նահանջի մէջ են: Մարդ-Աստուած եւ մարդ-բնութիւն յարաբերութիւնը սկսած է դառնալ մարդակեդրոն, հիմնուած մարդկային ժամանակաւոր շահերու վրայ: Այս կացութիւնը կրնայ վտանգել մարդկութեան ապագան, շեշտեց Վեհափառը: Ապա այս հպանցիկ յիշեցումներէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետը իր դասախօսութիւնը բաժնեց վեց գլխաւոր բաժիններու.-
ա) Առաջին բաժինը Վեհափառը սկսաւ հարց տալով` թէ զանազանութիւնը կը հեռացնէ՞ թէ ոչ կը միացնէ: Այս հարցումին պատասխանը, ըսաւ Վեհափառը, Աստուածաշունչը յստակ կերպով կու տայ: Զանազանութիւնը Աստուած ստեղծեց. սակայն Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած զանազանութիւնը սերտ գոյակցութեամբ ու ներդաշնակութեամբ կը յատկանշուի: Մարդն է որ զանազանութիւնը կը շահագործէ իր շահուն համար, այս ձեւով մերժելով Աստուծոյ կամքը: Այս օրերուն, դժբախտաբար, ցեղային, կրօնական, համայնքային, գաղափարական կամ քաղաքական տարբերութիւնները փոխանակ օգտագործուելու որպէս հարստացուցիչ ազդակ, կը շահագործուին միակողմանի ու սխալ նպատակներու:
բ) Երկրորդ բաժինը եւս Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հարցումով մը` զանազանութիւնը վախի՞ թէ ոչ յոյսի ազդակ է: Հիմնուելով աստուածաշնչական տուեալներու ու աստուածաբանական մտածողութեան վրայ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ ընտանիքը, համայնքը կամ ընկերութիւնը հիմնուած են զանազանութեան վրայ: Զանազանութիւնը աստուածատուր պարգեւ մը ըլլալով, ան երբեք չի կրնար դառնալ վախի կամ բաժանման աղբիւր, այլ հրաւէր մը` միասին ըլլալու, միասին մտածելու, միասին աշխատելու, ի խնդիր ընկերութեան զարգացման:
գ) Մեկնելով վերոյիշեալ հաստատումներէն, Վեհափառը երրորդ կէտին մէջ շեշտեց թէ փոխադարձ ճանաչումը կենսական է: Չկայ ճշմարիտ ինքնաճանաչում` առանց փոխադարձ ճանաչման: Երբ ուրիշը բացակայ է մեր կեանքին մէջ, երբ ուրիշը կ՛անտեսուի կամ կ՛արհամարհուի, այս կացութիւնը մարդը կը տանի դէպի ինքնակեդրոն մտածողութիւն ու ինքնանպատակ կեանք: Այլ խօսքով` ուրիշը կը դառնայ թշնամի: Եւ այս մօտեցումը կը յառաջացնէ ցեղապաշտութիւն, ատելութիւն եւ ծայրահեղականութիւն: Հետեւաբար, պէտք է զիրար լաւ ճանչնանք, որովհետեւ յաճախ ատելութիւնը կը յառաջանայ յստակ ու ամբողջական փոխադարձ ճանաչողութեան պակասէն:
դ) Զիրար ճանչնալ կ՛ենթադրէ զիրար հասկնալ: Ներկայ աշխարհը իր տեղեկատուական ու հաղորդակցական այնքան զարգացած միջոցներով մեզի լայն կարելիութիւնը կ՛ընծայէ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու. ճանչնալու մեր աւանդութիւնները, արժէքները, մտահոգութիւնները: Սակայն ճանաչումը մեզ պէտք է առաջնորդէ դէպի հասկացողութիւն: Յաճախ մենք կը դառնանք մեր դաւանած արժէքներուն ու կատարած ուսուցումներուն գերին: Ինքնահաստատումը կենսական է. եւ ինքնահաստատման ամուր գետինը թէ՛ ինքնաճանաչումն է եւ թէ՛ ուրիշին արժէքներուն, ինքնութեան ու մտահոգութեան ճանաչումը: Արդարեւ, զիրար ճանչնալ կը նշանակէ զիրար յարգել ու ընդունիլ:
ե) Զիրար ճանչնալ կը նշանակէ զիրար հանդուրժել: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ չարը բարիին բացակայութիւնն է. ինչպէս նաեւ` անհանդուրժողութիւնը բարիին բացակայութիւնն է: Որպէսզի կարենանք յաղթահարել անհանդուրժողութիւնը, պէտք է ուրիշը ճանչնալէն անդին` յարգենք անոր ինքնութիւնը: Իրաւունք չունինք մեր արժէքները ուրիշին վրայ պարտադրելու: Ընկերութիւնը կը յառաջդիմէ ու կը ծաղկի երբ տարբեր արժէքներ ու աւանդութիւններ ներդաշնակ երկխօսութեան մէջ ըլլան եւ ոչ թէ հակամարտութեան:
զ) Հանդուրժողութիւն կ՛ենթադրէ խաղաղ գոյակցութիւն: Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհը կրօններ, մշակոյթներ ու քաղաքակրթութիւններ մօտեցուցած է. անոնք այսօր որպէս դրացիներ կ՛ապրին: Սակայն, որպէս դրացի ապրիլ կը նշանակէ զիրար ճանչնալ, յարգել ու գոյակցիլ: Յաճախ մենք ոչ միայն մեր դրացիները ճանչնալու ճիգ չենք կատարեր այլ նաեւ անոր նկատմամբ կ՛ունենանք վերապահութիւն ու նոյնիսկ` ատելութիւն: Հո՛ս է հարցը: Ուրիշը, ըլլայ ան մեզմէ հեռու մէկը կամ մեր անմիջական դրացին պէտք չէ նկատուի անհանդուրժելի մեր կողմէ: Երբ ինձմէ տարբերը ինծի համար կը դառնայ անհանդուրժելի, այս մտայնութիւնը դուռ կը բանայ բեւեռացումի ու տագնապի: Նման պարագաներ ու կացութիւններ ներկայ աշխարհին մէջ սկսած են դառնալ յաճախակի:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ յիշեցուց, որ մարդկութեան տարբերութիւնները աստուածատուր են: Մարդը կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու Աստուծոյ պարգեւին ու կամքին` ներդաշնակ համակեցութիւն մը ստեղծելով իրարու հետ:
Նկարները` հոս: