Խորհրդարանի Չորեքշաբթի օրուան նիստը կը մնայ լուրջ հարցականի տակ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, հակադիր կողմերը համախոհական թեկնածուի մը անուան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու փոխարէն, անփոփոխ կը պահեն իրենց դիրքերը: Պըրրի նոյնիսկ յանդգնեցաւ յայտնելու, թէ նախագահի ընտրութեան երրրորդ նիստը պիտի ունենայ նախորդներուն ճակատագիրը:
Մուսթաքպալ Հոսանքի քաղաքական դիւանի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ պահանջեց ընտրել երկրին անկախութեան եւ գերիշխանութեան պաշտպան նախագահ մը: Երեսփոխան Ժան Օղասապեան դիտել տուաւ, թէ ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, նախագահի ընտրութիւն տեղի պիտի չունենայ Չորեքշաբթի օրուան նիստին: Օղասապեան նշեց, թէ Մարտ 14-ի ուժերը կողմնակի համաձայնութիւններ պիտի չկնքեն քաղաքական այլ հոսանքներու հետ:
Մեկնաբաններու կարծիքով, Միշէլ Աուն ոչ մէկ յաջողութեան պիտի հասնի Մարտ 14-ի ուժերուն հետ: Հըզպալլա մինչեւ իսկ Սուրիայէն հեռանալու պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ Մարտ 14-ի ուժերուն հետ Միշէլ Աունի բանակցութիւններու ընթացքը դիւրացնելու նպատակով:Սթրիտա Ժաաժա յայտարարեց, թէ Միշէլ Աուն Թեհրանէն կը ստանայ իր ցուցմունքները: Իսկ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան խմբաւորումի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մուհամմէտ Ռաատ յայտարարեց, թէ Լիբանան պիտի ունենայ Դիմադրութեան ընտրանքին հաւանութիւն տուուղ նախագահ մը,այլապէս՝ տեղի պիտի չունենայ ընտրութիւն:
Լիբանանը մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասփիքին դիտել տուաւ, թէ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ներքին խորհրդակցութիւնները եզրակացութեան հաւանաբար չհասնին, մինչեւ 25 Մայիս:
Փաղանգաւոր Կուսակցութեան նախագահ Ամին Ճեմայէլ կնքեց մամլոյ ասուլիս մը: Անոր կարծիքով երկիրը թեւակոխած է ծանր հանգրուան մը: Ճեմայէլ ըսաւ, թէ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան կարգախօսը երկրին փրկութիւնն է: Ճեմայէլ այն համոզումը կը յայտնէ, թէ կը վայելէ համախոհական նախագահի մը առանձնայատկութիւնները: