Հայաստանը ներկայացնող Սիմոն Մարտիրոսեան ոսկէ մետալ մը նուաճեց Լեհաստանի մէջ կայացող ծանրամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն: Արդարեւ, 94 քիլօկրամ ծանրութեան կարգի մրցապայքարին, Մարտիրոսեան հաւաքեց 397 քիլօկրամ ( 182՝ պոկում, 215՝ հրում): Յիշեցնենք, թէ նախապէս, Սիմոն Մարտիրոսեան, ոսկէ մետալ շահած էր 2013-ին, Թաշքենթի մէջ կայացած աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն: