Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախավերջին՝ 37-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Սիթի ընդունեց Ասթոն Վիլան եւ չորս անպատասխան գնդակ զետեղեց անոր բերդին մէջ: Էտին Ժեքօ (2), Սթեֆան Եովեթիչ եւ Եայիա Թուրէ նշանակեցին Սիթիի կոլերը: Ներկայիս, Սիթի երկու կէտերու եւ կոլերու տարբերութեան զգալի առաւելութիւն մը կը վայելէ երկրորդ դիրքի վրայ գտնուող Լիվըրփուլի նկատմամբ: Ախոյեանութեան վերջին օրուան մրցումներուն, Սիթի սեփական դաշտին վրայ պիտի ընդունի Ուեսթ Համ Եունայթը: Լիվըրփուլ՝ Նիուքասլ Եունայթըտը: Նշենք, թէ Լիվըրփուլ, նախավերջին օրուան մրցումներուն՝ 3-3 արդիւնքով ցաւալի հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գրիսթալ Փալասի դէմ: Ալէն, Սթարիճ եւ Սուարէզ նշանակեցին կարմիրներուն կոլերը, սակայն երկրորդ կիսախաղին, ընդամէնը ինը վայրկեաններու ընթացքին, լոնտոնեան խումբը երեք յաջորդական գնդակ զետեղեց Լիվըրփուլի բերդին մէջ եւ գրեթէ վերջ դրաւ տիտղոսը շահելու անոր յոյսերուն: Վերջին հանգրուանի մրցումներուն,միայն Սիթիի պարտութիւնը եւ Լիվըրփուլի յաղթանակը «Կարմիրներ»ուն կրնայ 24 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովել ախոյեանութեան տիտղոսը: Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելեկրինի կը մնայ լաւատես: Ան յայտարարեց, թէ այժմ կարելի է խօսիլ ախոյեանութեան մասին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Մանչեսթըր Սիթի՝ 37 մրց. 83 կէտ
2- Լիվըրփուլ՝ 37 մրց. 81 կէտ
3- Չելսի՝ 37 մրց. 79 կէտ
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ յուսախաբութեան մատնեց իր համակիրները, երբ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռէալ Վալատոլիտի հետ: Շնորհիւ Սերժիօ Ռամոսի նշանակած կոլին, մայրաքաղաքի ակումբը մինչեւ մրցումին 87-րդ վայրկեանը, 1-0 արդիւնքով առաւելութիւն մը կը վայելէր Վալատոլիտի նկատմամբ, սակայն 87-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալով կորսնցուց ոսկէ կէտեր: Ռէալի մարզիչ Գառլօ Անճելոթի յայտարարեց, թէ մարզիկները յոգնութեան նշաններ սկսած են ցոյց տալ:
Միւս կողմէ, իտալական մարզաթերթերուն համաձայն, Պարչելոնայի եւ Չիլիի հաւաքականի յարձակող Ալեքսիս Սանչէս պիտի միանայ Եուվենթուսին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1- Աթլեթիքօ Մատրիտ 36 մրց. 88 կէտ
2- Պարչելոնա՝ 36 մրց. 85 կէտ
3- Ռէալ Մատրիտ՝ 36 մրց. 84 կէտ
Ֆրանսայի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մոնաքօ, սեփական դաշտին մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կենկանի դէմ: Տիմիթար Պերպաթով, 77-րդ վայրկեանին նշանակեց Մոնաքոյի կոլը: 85-րդ վայրկեանին, Ֆրանսիս Աթիք հաւասարեցուց հաշիւը: Սոյն հաւասարութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Փարի ՍԷն Ժերմէն ախոյեանութեան աւարտէն երկու շաբաբ առաջ նուաճէ տիտղոսը: Կ’արժէ նշել, որ Փարի Սէն Ժերմէն սեփական դաշտին մէջ 2-1արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռէնէն: Էզեկիյէլ Լաւեզի նշանակեց Սէն Ժերմէնի կոլը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1-Փարի Սէն Ժերմէն՝ 36 մրց. 83 կէտ
2- Մոնաքօ՝ 36 մրց. 76 կէտ
3-Լիլ՝ 36 մրց. 68 կէտ