Լոնտոնի Արսենալը իր պատմութեան մէջ 11-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակը՝ կրկնելով Մանչեսթըր Եունաթյըտի մրցանիշը: Աւարտական մրցումին, Արսէն Ուենկէրի խումբը 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հոլ Սիթիին:
Լոնտոնի Ուեմպլի մարզադաշտին մէջ կայացած սոյն հանդիպումին 8-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Ճէյմս Չեսթըրի եւ Քըրթիս Տէյվիսի նշանակած կոլերուն, Հոլ Սիթի կը վայելէր երկու կոլերու առաւելութիւն: Սակայն լոնտոնցիները փրկեցին խաղը: Սանտի Գասորլա եւ Լորան Քոսէյլինի հաւասարեցուցին հաշիւը: Հանդիպման 90 վայրկեանները վերջ գտան 2-2 հաւասարութեամբ: Լրացուցիչ ժամանակի 109-րդ վայրկեանին, Աարոն Ռամզիի նշանակեց «Կանըրզ»ներուերրորդ եւ յաղթանակի կոլը: Արսենալ՝ վերջին անգամ 2005-ին շահած էր Անգլիոյ բաժակը: