Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ մանրամասնօրէն քննարկելու հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ վերջին զարգացումները: Սահակեան ողջունելէ ետք ֆրանսացի նոր համանախագահ Փիէռ Անտրէի ներկայութիւնը, վերահաստատեց Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներուն կառչելու յանձնառութիւնը: Ան միաժամանակ շեշտեց,թէ Արցախի համար անկախութիւնը եւ ազատութիւնը բացառիկ արժէքներ են եւ վերադարձ անցեալին՝ թէ կարգավիճակի, թէ սահմաններու առումով անհնար է: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ սահմանագիծերուն վրայ տիրող իրավիճակը: Հանդիպման նաեւ կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը: