– Ռէալ Մատրիտի յարձակողներ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Քարիմ Պենզեմա պիտի մասնակցին Շաբաթ օր, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ՝ Եւրոպական Ակումբներու Ախոյեանութեան «Չեմփիընզ Լիկ» բաժակի աւարտական մրցումին: Ռէալի կազմէն այդ օր դեղին տոմս ստանալու պատճառով պիտի բացակայի Զապի Ալոնզօն: Անոր պիտի փոխարինէ Ասյէր Իրիարամենտին: Յիշեցնենք, որ աւարտականի հանդիպումը պիտի կայանայ Շաբաթ, 24 Մայիսին, Լիզպոնի Տա Լուշ մարզադաշտին մէջ:
– Մոնտիալ 2014-ի նախապատրաստութիւններուն ծիրին մէջ, Հոլանտայի եւ Էքուատորի հաւաքականներուն միջեւ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական հանդիպումը վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Մոնտերօ՝ 9-րդ վայրկեանին յառաջ մղեց Էքուատորը: Ռոպին Վան Փըրսի՝ 37-րդ վայրկեանին հաւասարեցուց հաշիւը: Նշենք, թէ Մոնտիալ 2014-ի խմբակային հանգրուանին, Հոլանտայի մրցակիցները պիտի ըլլան Զուիցերիան, Ֆրանսան եւ Հոնտուրասը:
– Ռէալ Մատրիտ մերժեց արժանթինցի կիսապաշտպան Անխէլ Տի Մարիայի փոխանցումը լոնտոնեան Արսենալին: Անգլիական ակումբը 32 միլիոն սթերլին գումար մը առաջարկած էր արժանթինցի ֆութպոլիստին համար: Ռէալ կը պահանջէ նուազագոյնը 45 միլիոն, որպէսզի հրաժարի 26-ամեայ Տի Մարիային ծառայութիւններէն: Տի Մարիա՝ 2010-ին, Պենֆիքայէն միացաւ Ռէալին:
– Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Գարլօ Անճելոթի յայտարարեց, թէ իր օգնականը՝ Զինէտին Զիտան կրնայ գլխաւորել որեւէ խումբ: Անճելոթի մաղթեց, որ Զիտան կը մնայ Ռէալի հետ, քաջ գիտնալով որ մէկէ աւելի խումբեր լուրջ առաջարկ ներկայացուցած են Զիտանին:
– Աշխարհի բոլոր ժամանակներու ամենատիտղոսակիր ողիմպիական ախոյեան Մայք Ֆելպզ՝ լողորդի ասպարէզը վերսկսելէ ետք արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը: 18 ոսկէ ողիմպիական մետալներու դափնեկիր, 28-ամեայ Ֆելպզ Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Շարլոթ քաղաքին մէջ շահեցաւ 100 մեթր լողի ոսկէ մետալը, զայն հատելով 52 երկվ.13-էն:
– Վարուժան Յակոբեան կը գլխաւորէ Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ ընթացող ճատրակի Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութիւնը: Աղջկանց առաջնութիւնը կը գլխաւորէ Աննա Զատոնսկիխը:
– Մոնաքոյի եւ Գոլոմպիայի հաւաքականի յարձակող Ռատամէլ Ֆալքաօ վերսկսաւ մարզումներուն: Այսուհանդերձ ան խոսոտովանեցաւ, թէ բաւական դժուար պիտի ըլլայ պատրաստ ըլլալու Մոնտիալ 2014-ի մրցումներուն: Նշենք, թէ Ֆալքաօ ծունկի վնասուածք ստացած էր անցնող Յունուարին:
– Եւրոպական ֆութպոլի ֆետերասիոնը 60-ական միլիոն եուրօ տուգանքի ենթարկեց Մանչեսթըր Սիթիին եւ Փարի Սէն Ժերմէնին՝ ելեւմտական «Ֆէյր Փլէյ»ի կանոնները խախտելու պատճառով: ԵՈՒԵՖԱ յատուկ մարմին մը ստեղծած է, որպէսզի իւրաքանչիւր տարի ստուգէ բոլոր խումբերուն ելեւմտական ցուցանիշները: 2014-2015 մրցաշրջանին պիտի ստուգուին եւրոպական բոլոր ակումբներուն վերջին երեք տարիներու տուեալները:
–