– Լիբանանեան կարգ մը օրաթերթեր հաղորդեցին, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ հանդիպում մը պիտի ունենան յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, Փարիզի մէջ: Սակայն, Մուսթաքպալ Հոսանքի անդամ, երեսփոխան Մուհամմէտ Հաժժար ըսաւ, թէ տակաւին վաղաժամ է խօսիլ նման հանդիպումի մը մասին:
– Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս դիտել տուաւ, թէ Լիբանան կը մերժէ քաղաքական ապաստանութիւն շնորհել իր հողերուն վրայ գտնուող սուրիացիներուն: Ան շեշտեց, թէ Լիբանան կը մնայ յանձնառու գաղթականաց հարցերու վերաբերեալ Ժընեւի միջազգային համաձայնագիրին կէտերուն: