Նախագահական ընտրութեան գործընթացը կը գտնուի մահաքունի մէջ: Կացութիւնը ենթակայ է շարունակուելու, մինչեւ շօշափելի սենարիոյի մը յայտնութիւնը:Քաղաքական դէմքերու յայտարարութիւնները կ’ապացուցեն, թէ հարցերը կը մնան զերօ կէտի վրայ: Ռապիյէի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին,թէ Միշէլ Աուն յառաջիկայ Երեքշաբթի օր պիտի կնքէ մամլոյ ասուլիս մը եւ ներկայացնէ Մուսթաքպալ Հոսանքին հետ իր վարած երկխօսութեան մանրամասնութիւնները: Սէուտական Արաբիոյ մէջ լոյս տեսնող օրաթերթեր կը գրեն,թէ Ռիատ տակաւին յստակ պատասխան մը չէ փոխանցած Սաատ Հարիրիին, Միշէլ Աունի թեկնածութեան վերաբերեալ: Իսկ լիբանանեան օրաթերթեր կը գրեն,թէ Միշէլ Աուն չսպասեր Սաատ Հարիրիի պատասխանին: Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ճեմայէլ մերժեց նախագահական ընտրութիւնները խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կատարելու կարգ մը հոսանքներու առաջարկը:
Լիբանանի Դեմոկրատական Կուսակցութեան պետ Թալալ Արսլան պահանջեց հանրաքուէով ընտրել երկրին նախագահը: Ան ըսաւ, թէ Թայէֆի համաձայնագիրը ձախողած էր լուծում բերել բազմաթիւ հարգերու:
Պքերքէի տեղեկատուուական հարցերու պատասխանատու Ուալիտ Ղայատ յայտարարեց, թէ ազգային հաշտութիւնը նախ կը սկսի միջ մարոնիական հաշտութեամբ: Նախկին նախարար Սալիմ Ճըրէյսաթի յայտնեց, թէ Միշէլ Աունի մօտ գոյութիւն չունի նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը խանգարելու ցանկութիւն: Ուալիտ Ճոմպլաթ ըսաւ, թէ պատրաստ չէ յետս կոչելու Հանրի Հելուիի թեկնածութիւնը, զինուորականի մը եւ կամ կեդրոնական դրամատան կառավարիչի մը համար:
Վարչապետ Թամամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գլխաւորեց կառավարութեան հերթական նիստին: Նախքան նիստը, Սալամ կարճ զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ եւ յայտնեց, թէ տարբեր տեսակէտներ գոյութիւն ունին կառավարութեան աշխատանքային եղանակին շուրջ: Վարչապետը ցաւ յայտնեց,որ համաձանութեան մթնոլորտը բացակայ է կառավարութեան սեղանէն: Կառավարութեան նիստէն կը բացակային նախարարներ Նիհատ Մաշնուքը, Ժըպրան Պասիլը եւ Ալէն Հաքիմը: Տեղակատուութեան նախարար Ռամզի Ճըրէյճ յայտնեց, թէ նախարարները շեշտած են երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթական նախարարէն իրազեկ դարձած են նախարարութեան եւ սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին միջեւ կայացած համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն: Ճըրէյճ յայտնեց, թէ ելեւմտական հարցերու նախարար Ալի Հասան Խալիլ ներկայացուցած է 2014 տնտեսական տարեշրջանի պետական պիւտճէի նախագիծէն կարգ մը բաժիններ: Նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստին թուականը պիտի որոշէ վարչապետը: Կառավարութիւնը սկզբունքով կը շարունակէ քննարկել 30 Մայիսի նիստին օրակարգերը: