ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Մոնտիալ 2014-ի երկրորդ օրը, Ուրբաթ երեկոյեան, Նաթալի « Արենա Տաս Տիւնաս» մարզադաշտին մէջ, Պրազիլէն եւ Խրուաթիայէն ետք, Ա. Խմբակի մնացեալ երկու խումբերը Մեքսիքօ եւ Գամերուն մրցեցան իրարու դէմ:
Գամերուն դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Իթանտէ, Ճէօկուէ, Քուլու, Չեծու, Ասու էքոթօ, Սոնկ, Ըմպիա, Էնոհ, Մուքանտու, Էթօ, Չուփօ Մոկինկ: Գամերոնի կազմը կիրարկեց 4-3-3 խաղաոճ մը:
Մեքսիքօ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Օչուա, Ակուիլար, Ռոտրիկէզ, Մարքուէզ, Մորենօ, Լայուն, Վազքուէզ, Հերերա, Կուարտատօ, Տոս Սանթոս, Փերալթա: Մեքսիքօ կիրարկեց՝ 5-3-2 խաղաոճ մը: Մեքսիքոյի հաւաքականի խմբապետ 35-ամեայ Ռաֆայէլ Մարքուէզ հաստատեց իւրայատուկ մրցանիշ մը: Ան դարձաւ յաջորդական չորս Մոնտիալներու մասնակցող առաջին ֆութպոլիստը:
Հանդիպումը ընթացաւ տեղատարափ անձրեւի տակ: Մրցումի առաջին 45 վայրկեաններուն, Մեքսիքոյի տարածքային առաւելութիւնը բացայայտ էր: Իրաւարարը երկու անգամ մերժեց Միքսիքացի յարձակող Ճիովանիի նշանակած կոլերը: Հանդիպման առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Բ. կիսախաղին Մեքսիքօ շարունակեց յարձակումները: 60-րդ վայրկեանին, մեքսիքացիները ի վերջոյ բացին հաշիւը: Փերալթա կոլի վերածեց խմբային գեղեցիկ յարձակում մը: Սոյն կոլէն ետք, գամերունցիները փորձեցին հաւասարեցնել հաշիւը, մեքսիքացիները՝ կրկնապատկել: Հանդիպումը վերջ գտաւ 1-0 Մեքսիքոյի յաղթանակով:
Այսպիսով, Ա. Խմբակի չորս խումբերէն իւրաքանչիւրը կատարած է մէկ մրցում: Պրազիլ եւ Միքսիքօ համապատասխանաբար ունին երեքական կէտ: Գամերուն եւ Խրուաթիա՝ զերօ: