Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչարտ Մորնինկսթար յայտարարեց, թէ տեղեկութիւն չունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման մասին.« Ես ոչ մէկ տեղեկութիւն չունիմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման մասին, սակայն կը կարծեմ թէ հանդիպումը չափազանց կարեւոր պիտի ըլլայ».ըսաւ դեսպանը:
Անհանգստութիւն յայտնելով վերջին օրերուն շփման գիծին վրայ իրավիճակի սրման զարգացումներուն, Մորնինկսթար յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ ԵԱՀԿ Մինսք համանախագահները տարբեր տեսակի ջանքեր կը գործադրեն իրավիճակը մեղմացնելու համար:
Նշենք թէ նախագահական մակարդակով հանդիպում կայացնելու նախաձեռնութիւնը վերջերս հնչեցուցած էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը: