Նախագահական ընտրութիւններուն, կառավարութեան աշխատանքային եղանակին, Իրաքի զարգացումներուն վերաբերեալ քաղաքական բեմը լեցուն է հակասական լուրերով: Արդեօ՞ք Իրաքի զարգացումներէն զգուշանալով, լիբանանցիները համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն նոր նախագահի մը անուան շուրջ: Նախագահական ընտրութիւններու ծիրին մէջ, կ’ըսուի,թէ Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում խորհրդարանական խմբաւորումի պետ Միշէլ Աուն մտադրած է շաբաթավերջին մեկնիլ Փարիզ եւ հանդիպում մը ունենալ Սաատ Հարիրիի հետ: Սկզբունքով, Աուն, Երկուշաբթի երեկոյեան հեռատեսիլային ելոյթի մը ընթացքին, հանրութեան պիտի ներկայացնէ ընտրական խոհանոցին մէջ տիրող մթնոլորտին մանրամասնութիւնները: Քաղաքական կարգ մը շրջանակներ կ’ակնկալեն,որ Ազգային Ազատ Հոսանքի եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը աւելի բացայայտ եւ հրապարակային բնոյթ կրէ յառաջիկային: Մեկնաբաններ կը յայտնեն,թէ Հարիրի եւ Աուն կրնան համաձայնութիւն մը գոյացնել նախագահութեան եւ խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն օրինագիծին շուրջ: Հարիրի նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ուալիտ Ճոմպլաթի հետ:Այլ գետնի վրայ, Միշէլ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալին հետ, ընտրական գործընթացին մէջ ստեղծուած սառոյցը հալեցնելու նպատակով:
Այս անորոշ կացութեան մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն՝ անմիջապէս երկրի նոր նախագահ ընտրելու կոչ մը եւս ուղղեց լիբանանցիներուն:
Վարչական բարեկարգութիւններու նախարար Նեպիլ Տը Ֆրէյժ ըսաւ, թէ Սաատ Հարիրի որոշած է վեթօ չդնել նախագութեան թեկնածուներուն դէմ: « Սակայն այնքան ժամանակ որ Մարտ 14-ի ուժերը թեկնածու ունին, Հարիրի պիտի զօրակցի թեկնածուին յաջողութեան».աւելցուց նախարարը:
Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ճեմայէլ յայտնեց,թէ միայն մարոնիները չեն կրեր ընտրական գործընթացին ձախողութեան պատասխանատուութիւնը, այլ՝ բոլոր լիբանանցիները: Ճեմայէլ ընդգծեց,թէ քրիստոնեաներու կամ մարոնիներու միջեւ համաձայնութիւնը բաւարար չէ լուծելու նախագահական ընտրութիւններու տագնապը: Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ճոմպլաթ պատասխանելով Ամին Ճեմայէլի մեկնաբանութեան, ըսաւ, թէ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու համար պայման է, որ լիբանանցիները նախ իրարու միջեւ համաձայնին: Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ճրէյճ զգուշացուց ներլիբանանեան քաղաքական առօրեային վրայ Իրաքի զարգացումներուն հետեւանքէն: Ան մաղթեց,որ Մարտ 14-ի ուժերուն կողմէ առաջադրուած թեկնածու մը ընտրուի Լիբանանի նախագահ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարարեց, թէ պիտի արգիլէ կառավարութեան հրաժարականին հետեւանքով, գործադիր խորհուրդը անդամալուծելու փորձերը: Մուսթաքպալ Հոսանքի աղբիւրներ նշեցին, թէ Պըրրի- Սինիորա յարաբերութիւնները կը մնան ջերմ, հակառակ աշխատավարձերու յաւելումին շուրջ, խորհրդարանի վերջին նիստին ընթացքին անոնց միջեւ ծագած տարակարծութեան:
Խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մուհամմէտ Ֆընէյշ յայտարարեց, թէ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է կառավարութեան աշխատանքային եղանակին շուրջ: