Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ հայկական երկու պետութիւններու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու զարգացմանը, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեանը եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան արժեւորեց երկու երկիրներու Ազգային Ժողովներու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքը՝ նշելով, որ այն օրէնսդիր մարմիններուն կարելիութիւն կու տայ պահպանելու կայուն կապ եւ մնայուն փոխգործակցութիւն: Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան նշեց,թէ Լեռնային Ղարաբաղը լիիրաւ կողմ անհրաժեշտ է,որ հանդիսանայ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն: