Kessab.net կայքէջը կը յայտնէ, թէ Քեսապի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կողոպտուած հնատիպ աղօթագիրքեր, Ճաշոցի, Ս. Աւետարանի եւ Մաշտոցի ութ օրինակներ վերջերս ծախու դրուած են Լաթաքիոյ մէջ: Հայր Նարեկ Լուիզեան յաջողած է գնել հոգեւոր մատեանները՝ զանոնք ծախու դրած «վաճառականէն»: Նկարը՝ աղօթագիրքերը: