ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
«Էսթատիօ Նասիոնալ Մանէ Կարինչա» մարզադաշտին մէջ, 68351 մարզասէրներու ներկայութեան: Զուիցերիոյ հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց էքուատորը: Հանդիպման 22-րդ վայրկեանին, Էննէր Վալենսիա գլխու հարուածով նշանակեց մրցումին եւ Էքուատորի առաջին կոլը: Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ Էքուատորի առաւելութեամբ՝ 1-0: Զուիցերիացիները աւելի վճռական սկսան երկրորդ կիսախաղը: 48-րդ վայրկեանին, դաշտ նոր ներկայացած Ամիր Մեհմետի գլխու հարուածով հաւասարեցուց հաշիւը: Այս կոլէն ետք, երկու խումբերը ստեղծեցին կոլ նշանակելու բազմաթիւ առիթներ: Մրցումին հաշուած վայրկեաններուն, Հարիս Սեֆերովիչ նշանակեց զուիցերիացիներուն երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը:
Զուիցերիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պենալիօ,Լիխշթայնըր, Վոն Պերկըն, Ինլէր, Խաքա, Պրահիմի, Ռոտրիկէզ, Սթոքըր, Տրմիչ, Ճուրու, Շաքիրի:
Էքուատոր դաշտ ներկայացաւ հետեւեաք կազմով՝ Տոմինկէզ,Կուակուա, Էրազօ, Փարետէս, Նոպուա, Մոնթերօ, Այովի, Է.Վալենսիա, Ա. Վալենսիա, Կրուէզօ: