ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Փորթօ Ալեկրէի «Էսթատիօ Պիէրա Ռիօ» մարզադաշտին մէջ, Երկու հաւաքականներուն միջեւ պաշտօնական առաջին հանդիպումը, թեքնիք խանգարումի մը պատճառով սկսաւ առանց ազգային քայլերգներու կատարողութեան: Առաջին կիսախաղը ընթացաւ Ֆրանսայի հաւաքականին բացարձակ առաւելութեամբ: Մրցումի 44-րդ վայրկեանին, Փալասիոս, մեծ քառակուսիին մէջ խոշտանգեց Փրոկպային: Նախապէս դեղին տոմս մը ստացած ըլլալու պատճառով, իրաւարարը դաշտէն հեռացուց Փալասիոսը եւ փենալթի մը շնորհեց Ֆրանսային: Քարիմ Պենզեմա կոլի վերածեց փենալթին: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ Ֆրանսայի առաւելութեամբ՝ 1-0:
Ֆրանսա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Լիորիս, Սանիա, Քոսէյլնի, Սախօ, Էվրա, Մաթիուիթի, Փոկպա, Վալպուենա, Գապայ, ժիրու, Պենզեմա:
Հոնտուրաս դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Վալատարէս, Պեքելէս, Պեռնանտես, Ֆիկերուա, Իզակուիրէ, Նաժար, Պալասիոս, Կարըթօ, Էսփինոզա, Պենկթսըն, Գոսթլի: