– Անգլիոյ ազգային խումբի յառաջապահ Ուէյն Ռունի, 2014-ի Մոնտիալի զտման հանգրուանի բոլոր մրցումներուն նշանակած է կոլ, սակայն ոչ մէկ կոլ նշանակած է Մոնտիալի եզրափակիչներուն:
-Աւստրալիոյ հաւաքականի ֆութպոլիստ Թիմ Քէյհիլ Մոնտիալներու ընթացքին աւելի շատ կոլ նշանակած է՝ չորս, քան՝ Ռոնալտօն, Մեսին եւ Ուէյն Ռունին միասին: Մեսի՝ ցարդ նշանակած է մէկ, Ռոնալտօ՝ երկու, իսկ Ռունի՝ ոչ մէկ կոլ:
– 1970-էն սկսեալ, Ուրուկուէյի հաւաքականը առանց յաղթանակի հեռացած է Մոնտիալի եզրափակիչներուն կատարած իր առաջին հանդիպումներուն:
– Գոսթա Ռիքայի հաւաքականը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկու կոլի առաւելութեամբ յաղթանակ մը արձանագրեց մրցակից խումբի դէմ (Գոսթա Ռիքա- Ուրուկուէյ՝ 3-1):
– Մոնտիալի պատմութեան մէջ ամենաշատ կարմիր տոմս ստացող հաւաքականը եղած է Պրազիլը՝ տասնմէկ: Երկրորդ դիրքի վրայ կու գայ Ուրուկուէյը՝ ինը: Եռեակը կ’եզրափակէ Արժանթինը՝ ութը:
– Արիան Ռոպէն եւ Ռոպին Վան Փըրսի դարձան յաջորդական երեք Մոնտիալներու կոլ նշանակող առաջին հոլանտացիները:
– Մոնտիալի պատմութեան մէջ փենալթի հարուածներով ամենաշատ թիւով կոլ նշանակող հաւաքականը Սպանիան է՝ 17:
– Մոնտիալի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նախորդ Մոնտիալի եզրափակիչ հանդիպումին յայտնուած հաւաքականները, յաջորդ Մոնտիալը մեկնարկեցին իրարու դէմ մրցելով՝ Հոլանտա – Սպանիա:
– Հոլանտայի հաւաքականը 1999-էն իվեր ոչ մէկ անգամ դաշտ ներկայացած է առանց «Վան» անուան մասնիկը կրող ֆութպոլիստներու:
– Սպանացի Խուան Մաթա Մոնտիալի եզրափակիչներուն խաղցած է ընդամէնը քսան վայրկեան:
– Պրազիլ հինգերորդ երկիրն է, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ Մոնտիալի եզրափակիչները:
– Մոնտիալ 2014-ին, 14-ական ֆութպոլիստ համապատասխանաբար կը խաղան Մանչեսթըր Եունայթըտէն եւ Պայերն Միւնիխէն, 13 ֆութպոլիստ՝ Պարչելոնայէն, 12-ական ֆութպոլիստ՝ Ռէալ Մատրիտէն, Եուվենթուսէն, Ինթէր Միլանէն եւ Չելսիէն:
– Մոնտիալի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացումի անդրանիկ կոլը սեփական բերդէն ներս նշանակուած կոլ մըն էր:
– Մոնտիալի պատմութեան մէջ ամենաշատ պարտութիւն կրած խումբը Մեքսիքօն է՝ 24:
-Հոլանտայի հաւաքականի աստղերէն Ռոպ Ռենսինպրինկ նշանակած է Մոնտիալի պատմութեան 1000-րդ կոլը:
-2014-ի եզրափակիչներուն մասնակից ամենատարեց հաւաքականը Արժանթինն է: Արժանթինի հաւաքականի մարզիկներուն միջին տարիքը 28 տարեկան 335 օրական է: Ամենաերիտասարդ հաւաքականը Ղանան է՝ 25 տարեկան 224 օրական: