ՄՈՆՏԻԱԼ2014
Պահիայի «Իթայփաւա Արենա Ֆոնթէ Նովա» մարզադաշտին մէջ, Մոնտիալ 2014-ի Է. խմբակի առաջին հանգրուանի մրցումներուն գծով, Գերմանիոյ հաւաքականը մրցեցաւ Փորթուգալի դէմ:
Գերմանիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Նոյէր, Պուաթենկ, Հիւմելս, Մերթսաքէր, Հովետէս, Լամ, Քետիրա, Օզիլ, Քրոս, Կոցէ, Միւլըր: Գերմանացիները կիրարկեցին 4-2-3-1 խաղաոճ մը:
Փորթուգալ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Փաթրիսիօ, Փերէյրա, Փեփէ, Ալվէս, Գուենթրաօ, Մէրէյրէս, Վելոսօ, Մութինիօ, Նանի, Ալմէյտա, Ռոնալտօ: Փորթուգալացիները կիրարկեցին 4-3-3 խաղաոճ մը:
Հանդիպումը սկսաւ Գերմանիոյ տիրապետութեամբ: Հանդիպման 10-րդ վայրկեանին, Փերէյրա զգետնեց Կոցէին: Իրաւարարը առանց վարանելու փենալթի մը շնորհեց գերմանացիներուն: Թոմաս Միւլըր կոլի վերածեց փենալթին: 28-րդ վայրկեանին, Փորթուգալ կատարեց փոփոխութիւն մը: Յարձակող Ալմէյտային փոխարինեց Էտէրը: 32-րդ վայրկեանին, անկիւնային հարուածի մը շնորհիւ, Հիւմելս գլխու հարուածով նշանակեց Գերմանիոյ երկրորդ կոլը: 37-րդ վայրկեանին Փեփէ արմուկով հարուածեց Թոմաս Միւլըրին: Իրաւարարը անմիջապէս կարմիր տոմս մը բարձրացուց Փեփէի դէմ: Փորթուգալացիները ստիպուեցան խաղը շարունակել տասը մարզիկներով: 45-րդ վայրկեանին, Թոմաս Միւլըր երեքի բարձրացուց Գերմանիոյ նշանակած կոլերուն թիւը: Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ Գերմանիոյ տարածքային եւ կոլային առաւելութեամբ՝ 3-0:
Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը Փորթուգալ փորձեց փոփոխութիւն մտցնել մրցումին հաշիւին մէջ: Սակայն գերմանացիներոnւ գերակայութիւնը անվիճելի էր: 78-րդ վայրկեանին, Թոմաս Միւլըր նշանակեց անձնական երրորդ եւ Գերմանիոյ չորրորդ կոլը: Միւլըր դարձաւ Մոնտիալ 2014-ի առաջին «Հեթ-թրիք» ( երեք կոլ) նշանակող ֆութպոլիստը:
Գերմանիոյ հաւաքականի յարձակող Թոմաս Միւլըր իր ասպարէզին ընթացքին մասնակցած է Մոնտիալի եօթ մրցումներու եւ նշանակած է ութ կոլ: