ՄՈՆՏԻԱԼ2014
Փարանայի «Էսթթատօ Ճոաաքիմ Ամերիքօ Կիւմարէշ » մարզադաշտին մէջ, Մոնտիալ 2014-ի Զ.Խմբակի մրցումներուն գծով Իրանի հաւաքականը մրցեցաւ Նիճերիոյ դէմ: Երկու երկիրները պաշտօնական ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին հանդիպումը կ’ունենային իրարու դէմ:
Իրան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Հաքիքի, Հէյտարի, Հաճսաֆի, Հոսէյնի, Սատեքի, Նեքունամ, Թէյմուրեան, Մոնթազերի, Կոհանէյատ, Ճահանպաքշ, Անսարիֆարտ:Իրան կիրարկեց 4-4-1-1 խաղաոճ մը:
Նիճերիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Էնիամա, Անպրոուոս, Օշանիվա, Օպօապոնա, Օմերուօ, Օնակի, Միքէլ, Ազիզ, Մոզէս, Մուսա, Էմենիքա: Նիճերիա կիրարկեց 4-2-3-1 խաղաոճ մը:
Առաջին կիսախաղէն դատելով, հանդիպումը բաւական հեռու էր Մոնտիալի ցարդ տեղի ունեցած մնացեալ բոլոր հանդիպումներուն մակարդակէն: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Երկրորդ կիսախաղը առաջինին կրկնութիւնն էր: Ի վերջոյ, հանդիպումը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ՝ 0-0: Հաւասարութիւնը Մոնտիալ 2014-ի եզրափակիչներուն առաջինն էր: