Ուաշինկթըն լրջօրէն կը սերտէ Իրաքի կացութեան շուրջ Իրանի հետ ուղղակի երկխօսութիւն վարելու կարելիութիւնները: Ուաշինկթըն դատապարտեց քաղաքացիներուն եւ Իրաքի բանակին դէմ ծայրայեղականներուն կատարած վայրագութիւնները: Ծայրայեղականները վայրագօրէն մահապատիժի կ’ենթարկեն գերեվարուած զինուորները: Անոնք կ’աւերեն իրենց խուժածղ շրջանները եւ կը քանդեն կրօնական, մշակութային կոթողներ ու կեդրոններ: Տաաշ կազմակերպութիւնը երէկ սփռեց Մուսուլի մէջ քանդած եկեղեցիներուն նկարները:
Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները կրնան սկսիլ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին: Հռոմի Ֆրանսիսկոս Ա. Պապը Կիրակի օրուան իր պատարագին մէջ ցաւ յայտնեց Իրաքի մէջ ստեղծուած կացութեան: Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի ռազմական օգնութիւն խնդրեց Միացեալ Նահանգներէն: Ռազմական գետնի վրայ, վերջին 48 ժամերուն ընթացքին, իրաքեան բանակը չէզոքացուց աւելի քան վեց հարիւր ծայրայեղական: Բանակը յաջողեցաւ կասեցնելու զինեալներու մուտքը տարբեր շրջաններ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Շթայնմայէր բացառեց գերմանական զօրքեր ղրկելու սենարիոյի մը գոյութիւնը: Ուաշինկթըն 12.8 լիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն մը յատկացուց Իրաքի կառավարութեան: