Նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարը դարձեալ դրուած է տաք կրակի վրայ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնեց քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ սրտբացօրէն քննարկելու հրատապութիւն ներկայացնող այս թղթածրարը: Պըրրի նաեւ նշեց, թէ աշխատավարձերու յաւելման շուրջ լուծումի նոր տարբերակ մը ներկայացուցած է Ֆուատ Սինիորային: Վարչապետ Թամամ Սալամ իր այցելուներուն յայտնեց, թէ պիտի մասնակցի նախագահի ընտրութեան նպատակով Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանի նիստին, ինչպէս նաեւ Հինգշաբթի օրուան օրէնսդիր նիստին: Սալամ նշեց,թէ կառավարութեան նիստ տեղի պիտի չունենայ այս շաբթուան ընթացքին, որովհետեւ քաղաքական կողմերուն միջեւ անկարելի եղած է գոյացնել համաձայնութիւն: Վարչապետը բարեբախտութիւն յայտնեց, որ հակակշիռի տակ է երկրին ապահովութիւնը: Վարչապետ Թամամ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրլանտայի վարչապետ Ինտա Քենին: Ան նաեւ ընդունեց կրթութեան նախարար Իլիաս Պուսաապը եւ քննարկեց աշխատավարձերու յաւելման ինչպէս նաեւ պետական քննութիւններուն իրավիճակը:
Ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք այցելեց Ռապիյէ եւ հանդիպում մը ունեցաւ Միշէլ Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք, Մաշնուք յայտարարեց, թէ ոչ մէկ նամակ փոխանցած էր Աունին , ոչ ալ փոքրանդամ կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկ ներկայացուցած էր անոր: Մաշնուք բաւարարուեցաւ նշելով, թէ շրջանային զարգացումները մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններուն վրայ: Ան ըսաւ, թէ պիտի չհանդուրժէ վարչապետին իրաւասութիւնները սակարկութեան վերածելու փորձերը: Նախարարը նաեւ ըսաւ, թէ վերջ պիտի դրուի Ռումիյէի բանտին մէջ տիրող ապօրինութեան:
Մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը զգուշացուց խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկող երեսփոխանները, յայտնելով, թէ ժողովուրդը պիտի չընդունի զանոնք, որովհետեւ կը խուսափին նախագահ ընտրելու իրենց հիմնական պարտականութենէն: Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ գարտինալ Ռայի կը փորձէ հանդիպում մը կազմակերպել Միշէլ Աունի եւ Սամիր Ժաաժայի միջեւ:
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք ըսաւ,թէ նախագահական դիրքի վրայ ստեղծուած թափուրը սպառնալիք մըն է պետական հաստատութիւններուն, ժողովուրդին շահերուն եւ Լիբանանի կայունութեան: Երեսփոխան Ահմէտ Ֆաթֆաթ ըսաւ, թէ Հըզպալլա եւ Ազգային Ազատ Հոսանքը կը խանգարեն ընտրական գործընթացը, իսկ վարչապետ Թամամ Սալամ կը փորձէ փրկել կարելին: Ֆաթֆաթ աւելցուց, թէ Սալամ պիտի յաջողի յաղթահարել իր առջեւ ցցուող արգելքները:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ըսաւ,թէ կ’աշխատի իսկական գործընկերութիւն ստեղծել Մուսթաքպալ Հոսանքին հետ :