ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Փորթօ Ալեկրէի «Էսթատիօ Պիէրա Ռիօ» մարզադաշտին մէջ, Երկու հաւաքականներուն միջեւ պաշտօնական առաջին հանդիպումը, թեքնիք խանգարումի մը պատճառով սկսաւ առանց ազգային քայլերգներու կատարողութեան: Առաջին կիսախաղը ընթացաւ Ֆրանսայի հաւաքականին բացարձակ առաւելութեամբ: Մրցումի 44-րդ վայրկեանին, Փալասիոս, մեծ քառակուսիին մէջ խոշտանգեց Փրոկպային: Նախապէս դեղին տոմս մը ստացած ըլլալու պատճառով, իրաւարարը դաշտէն հեռացուց Փալասիոսը եւ փենալթի մը շնորհեց Ֆրանսային: Քարիմ Պենզեմա կոլի վերածեց փենալթին: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ Ֆրանսայի առաւելութեամբ՝ 1-0: Պենզեմա ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը:
Երկրորդ կիսախաղին հանդիպումի դարձաւ միակողմանի: 48-րդ վայրկեանին, Քարիմ Պենզեմայի հարուածէն ետք, Հոնտուրասի բերդապահը նշանակեց ինքնակոլ մը: 72-րդ վայրկեանին, Պենզեմա հաշիւը վերածեց 3-0-ի: Ֆրանսա ցուցադրեց ինքնավստահ խաղ եւ արձանագրեց արժանի յաղթանակ:
Ե. Խմբակին մէջ Ֆրանսա եւ Զուիցերիա ունին երեքական կէտ: Էքուատոր եւ Հոնտուրաս՝ զերօ: