ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Ա.Խմբակի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն Պրազիլի հաւաքականը մրցեցաւ Մեքսիքոյի դէմ: Նախորդ՝ առաջին հանգրուանին, զոյգ հաւաքականները պարտութեան մատնած էին իրենց մրցակիցները: Փաստօրէն հանդիպումէն յաղթանակով հեռացող կողմը ինքնաբերաբար ապահոված պիտի ըլլար1\16-րդ հանգրուանի ուղեգիրը: Հանդիպումը կայացաւ Ֆորթալեզայի « Փլասիտօ Ատելարտօ Գասթելօ» մարզադաշտին մէջ: Առաջին կիսախաղը ընթացաւ կոլային հարուստ պահերով: Պրազիլիացիները կը վայլէին մասնակի առաւելութիւն մը: Մեքսիքոյի բերդապահ Օչուա մէկէ աւելի առիթներով իր հաւաքականը պահեց խաղին մէջ:
Պրազիլ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Սեզար, Ալվէզ, Սիլվա, Լուիզ, Մարչելօ,Փաուլինիօ,Կիւսթավօ, Ռամիրէզ, Օսքար, Նէյմար, Ֆրէտ: Պրազիլ մրցումը սկսաւ՝ 4-3-1-1 խաղաոճով:
Մեքսիքօ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Օչօա, Լայիուն, Ռոտրիկէզ, Մարքէզ, Մորենօ,Լայիուն, Հերերա, Վազքէզ, Կուարտատօ, Տոս Սանթոս, Փերաթա: Մեքսիքացիները մրցումը սկսան՝ 4-2-3-1 խաղաոճով: