ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Ռիօ Տը Ժանէյրոյի «Մարաքանա» հռչակաւոր մարզադաշտին մէջ, աշխարհի ախոյեան Սպանիոյ հաւաքականը, Հոլանտայի դէմ կրած ծանր պարտութենէն ետք, փորձեց վերականգնել իր կորսնցուցած հեղինակութիւնը: Երկրորդ պարտութիւն մը կը նշանակէր, թէ աշխարհի ախոյեանները առաջին իսկ հանգրուանէն դուրս կրնային մնալ Մոնտիալէն: Մարզիչ Տէլ Պոսքէ երկու հիմնական փոփոխութիւն կատարած էր Հոլանտայի դէմ մրցող Սպանիոյ կազմէն: Զապիի եւ Փիքէի փոխարէն, առաջին տասնմէկին մէջ ընդգրկած էր Փետրօն եւ Զաւի Մարթինէզը:
Չիլիցիները հանդիպումը սկսան շարունակելով Աւստրալիոյ դէմ իրենց ցուցադրած ինքնավստահ խաղը:20-րդ վայրկեանին, օգտուելով Սպանիոյ պաշտպանութեան օղակին մէկ սխալէն, Էտուարտօ Վարկաս նշանակեց հարաւամերիկացիներուն եւ մրցումին առաջին 2-0կոլը: 43-րդ վայրկեանին, դարձեալ օգտուելով Սպանիոյ պաշտպանութեան մէկ սխալէն Արանկուէզ նշանակեց Չիլիի երկրորդ կոլը: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ `2-0 Չիլիի յաղթանակով:
Սպանիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Գասիյաս, Ասփիլիկուեթա, Մարթինէզ, Ռամոս, Ալպա, Պուսկես, Ալոնզօ, Սիլվա, Ինիյեսթա, Ռոտրիկէզ, Գոսթա: Սպանիա հանդիպումը սկսաւ կիրարկելով ՝ 4-3-3 խաղաոճ մը:
Չիլի դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Պրաւօ, Իսլա, Մենա,Մետէլ, Խարա, Տիազ, Արանկուէզ, Վիտալ, Սիլվա, Վարկաս, Սանչէզ: Չիլի հանդիպումը սկսաւ կիրարկելով 3-5-2 խաղաոճ մը: