ՄՈՆՏԻԱԼ 2014
Սաօ Փաուլոյի « Արենա Քորինթիանզ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ եւ Ուրուկույի միջեւ սպասուած ճակատումը: Նախապէս՝ Մոնտիալի պատմութեան մէջ զոյգ խումբերը միայն երկու անգամ հանդիպած են իրարու դէմ. 1954-ին՝ Ուրուկուէյ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնած Է Անգլիան եւ հասած քառորդ աւարտակն հանգրուան: 1966-ին՝ հանդիպումը աւարտած է 0-0 հաւասարութեամբ:Զոյգ խումբերը Մոնտիալի առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրած ըլլալով, դաշտ ներկայացան յաղթանակ ապահովելու վճռակամութեամբ: Մարասէրները դիտեցին յարձակողական ֆութպոլի գեղեցիկ մրցում մը: 39-րդ վայրկեանին, Լուիս Սուարէզ նշանակեց մրցումին եւ Ուրուկուէյի առաջին կոլը:Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ Ուրուկուէյի առաւելութեամբ՝ 1-01
Անգլիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Հարթ, Ճոնսըն, Ճակիէլքա, Գէյհիլ, Պէյնզ, Ճեռարտ, Հենտրսըն, Սթերլինկ, Ռունի, Ուելպէք, Սթարիճ:
Ուրուկուէյ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով՝ Մուսլերա, Քասերէս, Կիւմենէզ, Կոտին, Փերէյրա, Կոնցալէս, Ռիոս, Լոտէյրօ, Ռոտրիկէզ, Գաւանի, Սուարէզ: